Վարդանանց Ճակատամարտ. Երեսնամեայ Պատերազմ Եւ Նուարսակի Դաշնագիր (484)

Դպրոցական տարիներէս ի վեր մտածած եմ թէ բան մը սխալ է «Վարդանանց պատերազմին մենք թէեւ զինուորական գետնի վրայ պարտուեցանք, բայց բարոյական յաղթանակ տարինք» բացատրութեան մէջ: Խելքս երբեք չէ հասած այս «բարոյական յաղթանակ»ին, որ ըսել կ՚ուզէր թէ կարողացանք մեր կրօնքը, մեր լեզուն եւ մշակոյթը պահել՝ հակառակ Պարսիկներու կամքին, անոնց քաղաքական-ռազմական հզօրութեան: Մինչդեռ «Բարոյական յաղթանակ»ին շնորհիւ չէր որ կրցինք պահել մեր մշակութային ինքնութիւնը եւ զայն պարտադրել յաղթական Պարսիկներուն։ Տեսնուած բան չէ, որ պատերազմի ընթացքին պարտուողը կարենայ իր պայմանները պարտադրել յաղթականին։
Եւ արդէն, երկիրները իրարու դէմ չեն պատերազմիր բարոյական յաղթանակի համար, մանաւանդ մեր պարագային, «մահու կենաց» կռիւը չէր կրնար վերջանալ բարոյական յաղթանակով: Եւ ո՞րն է բարոյական «յաղթանակ»ը, երբ Պարսիկները Հայաստան մտան ու մեր «խերը անիծեցին», կոտորեցին, քանդեցին, թալանեցին ու ամէն խժդժութիւն կատարեցին: Մեր Արշակ Թագաւորը, մեր Կաթողիկոսը եւ ամբողջ կրօնական դասը, նաեւ մեր բոլոր չուրացող իշխանները բանտարկեցին, մեր երկիրը յետամնաց մոգերով լեցուցին, իրենց լեզուն սկսան պարտադրել մեզի: Յիշենք թէ Եղիշէ պատմիչը ինչպէս կը նկարագրէ այդ երեսուն տարիներու ընթացքին ժողովուրդի տառապանքը՝ փափկասուն իշխանուհիներէն սկսեալ:
«Բարոյական յաղթանակ» բացատրութիւնը սխալ չէ, սակայն բաւարար չէ, կիսատ է։ Չէ ըսուած թէ բարոյական յաղթանակը լրացուեցաւ 484ին, Վահան Մամիկոնեանի տարած ռազմական յաղթանակով եւ Պարսիկներուն հետ ստորագրուեցաւ ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐը։ Ղազար Փարպեցին կը պատմէ (անշուշտ իր երեւակայութեան թափ տալով), թէ ինչպէս Պարսիկներու Վաղարշ թագաւորը ընդունեցաւ Հայոց պայմանները եւ Նուարսակ գիւղին մէջ իր մեծ վեզիր Նեխորի ձեռքով ստորագրեց ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐը, որ ԽՂՃԻ, ՄՏՔԻ ԵՒ ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ կու տար Հայոց: Հայերը ա՛յդ կը պահանջէին: Այսինքն, կը պահանջէին որ յարգուի իրենց կրօնական եւ մշակութային ազատութիւնը: Հայերու համար ազատագրական պատերազմ մըն էր, որ փառաւոր յաղթանակով մը վերջացաւ, դաշնագիրով կնքուեցաւ եւ անխախտ մնաց յետագայ դարերու ընթացքին:
Սա, աշխարհի առաջին Մարդկային Իրաւանց դաշնագիրն է (Droits de l’Homme, Human Rights)։ Ահա, այստեղ է մեր յաղթանակը, որ իսկական եւ փառաւոր յաղթանակ մըն է։ Գաղափարական պայքարի մը յաղթանակն է՝ ռազմական հերոսութեամբ կնքուած։ Իր տարողութիւնը անշուշտ որ համամարդկային է եւ դուրս կու գայ նեղ հայկական պարունակէն։ Մանաւանդ որ այդ թուականին (451) տեղի կ՚ունենար միջ-եկեղեցական Քաղկեդոնի Ժողովը, որ Վարդանանց պատերազմի պատճառով Ժողովէն բացակայող Հայ Առաքելական Եկեղեցին հերձուածող յայտարարեց…: Աշխարհի առաջին վերգետնեայ կառուցուածքով քրիստոնէական եկեղեցին հերձուածող նկատուեցաւ…: Մինչդեռ Հայերը մահու-կենաց կռիւ մղելով, իրենց մարմնով եւ արիւնով կը պաշտպանէին Քրիստոնէութիւնը եւ կ՚ապահովէին անոր տեւականացումը Արեւելքի մէջ…: Ահա թէ Վարդանանցը ինչպէս կապուած է միջազգային պատմութեան եւ արժանի է միջազգային ճանաչման:
Մեր դպրոցներու աշակերտութեան եւ առհասարակ ժողովուրդին չէ բացատրուած թէ Վարդանանցը միայն ճակատամարտ մըն էր, որ տեւեց միակ օր մը, արշալոյսէն մինչեւ մայրամուտ եւ ճիշդ այդ միջոցին Վարդանը հերոսական մահով ինկաւ: Բայց պատերազմը երեսուն տարի տեւեց։ Հայերը չգործեցին այլեւս նո՛յն սխալը՝ բաց դաշտի վրայ պատերազմելով Պարսից դէմ, այլ լեռներու մէջ քաշեցին Պարսկական բանակները, ուր պարսկական փիղերը չէին կարող մտնել…: Այդպէս է որ Պարսիկներու դէմ մղեցին մաշեցուցիչ պատերազմ մը, որ ամբողջ երեսուն տարի տեւեց: Երկու կողմերն ալ փոխն ի փոխ ժամանակաւոր յաջողութիւններ արձանագրեցին, մինչեւ որ Վահան Մամիկոնեանի բանակը քառամեայ պատերազմէ յետոյ ջախջախեց Պարսիկներուն բանակը 484 թուականին։ Պերոզ թագաւորի մահէն յետոյ, իրեն յաջորդող Վաղարշ թագաւոր հաշտութիւն առաջարկեց Հայոց եւ ստորագրեց Նուարսակի դաշնագիրը։ Հսկայ Պարսկական Կայսրութիւնը ստիպուեցաւ ընդունիլ Հայոց պահանջները՝ խղճի, մտքի, լեզուի, կրօնքի եւ խօսքի ազատութեան մասին, պարտաւորուեցաւ հրաժարիլ դաւանափոխման եւ ձուլման իր քաղաքականութենէն։ Այդպէս է որ Հայերը կարողացան քրիստոնէական կրօնքին հաւատարիմ մնալ, նաեւ՝ պահել ու զարգացնել հայ լեզուն եւ մշակոյթը:
Ահա ա՛յս է մեր յաղթանակը, որ իր հերոսական բնոյթին պատճառով բարոյական ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ եւ մանաւա՛նդ ռազմական յաղթանակ մըն է, որուն շնորհիւ է որ հայկական մշակութային կեանքը վերսկսաւ ծաղկիլ Հայաստանի մէջ։ Այլապէս՝ «բարոյական յաղաթանակ»ով մխիթարուած, Պարսիկներուն ստրուկները պիտի դառնայինք, խեղճ ու կրակ, անոնց լեզուն, կրօնքը եւ մշակոյթը որդեգրելով պարտադրաբար եւ իրենց մէջ ձուլուելով:
Ցաւալի է, որ չենք գիտցած եւ չենք գիտեր արժեւորել մեր արժէքները:
Նոր սերունդին ազգային հպարտութիւն եւ Հայու ոգի ներարկել կը ջանանք, մինչդեռ կուրանալով, իսկական հպարտառիթ յաղթանակը «բարոյական յաղթանակ»ի կը վերածենք: Հասկնալի է որ սկզբնական շրջանին կարելի չէր շեշտը ռազմական յաղթանակի վրայ դնել, խոհեմութիւն էր անոր յառաջացուցած հպարտութիւնը մեր մէջ թաքցնել, անոր «եկեղեցական-կրօնական» պատմուճան հագցնել: Սակայն այս սխալը 16 դարէ ի վեր չէ սրբագրուած: Եւ դեռ կան պառակտիչ Վասակը արդարացնող մտաւորականներ: Սակայն այս հարցը գտած է իր պատասխանը ժողովուրդի միանշան կեցուածքով, քանի որ 16 դարէ ի վեր ո՛չ մէկ Հայ «Վասակ» անուանած է իր զաւակը:
Այլեւս վերանայման կը կարօտին մեր կաղապարատիպ բնորոշումները: Այլեւս վերջ պէտք է տալ «բարոյական յաղթանակ»ի յանկերգին եւ դէպքերը պէտք է կոչել իրենց անուններով: Վարդանանց պատերազմը երեսնամեայ հերոսական պատերազմ մըն էր, որ աւարտեցաւ Հայոց յաղթանակով եւ պահպանեց մեր մշակութային անկախութիւնը, Հայու մեր ինքնութիւնը։
Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան
Նոր Յառաջ