«Շնչող Գրքի Ակումբ»ի Յաջորդ Հանդիպումը Պիտի Քննէ Կարապենցի «Ադամի Գիրքը» Հատորը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շնչող գրքի ակումբ»ի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 20ին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, որուն ընթացքին պիտի քննուի Յակոբ Կարապենցի «Ադամի Գիրքը» հատորը՝ Կարէն Ջալլաթեանի առաջնորդութեամբ։
«Շնչող գրքի ակումբ»ը գրական հաւաքներ են, որոնք անգլերէն եւ հայերէն գրուած հայկական պատումներու եւ գիրքերու գնահատանքը կը խթանեն: Անոնք կը ձգտին գրական համայնք մը մէջտեղ բերել՝ շրջող հեղինակներու հետ յատուկ ատեաններ ծրագրելով եւ ֆիլմի նման հաղորդակցութեան այլ միջոցներ ընդգրկելով ընդհանուր քննարկումներու մէջ: «Շնչող գրքի ակումբ»ները ամիսը անգամ մը տեղի կ՛ունենան, սովորաբար Չորեքշաբթի օրերը, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA): Իւրաքանչիւր հանդիպման թուականը կը յայտարարուի նախօրօք:
«Ինքնակենսագրական լինելուց առաւել՝ այս վէպը Կարապենցի հոգու գիրքն է, նրա ներքին փոթորիկների ու երկուութիւնների, իր «ես»ի, իր իրական տեղի, ճշմարտութեան փնտռտուքների, յոյսերի ու յուսախաբութիւնների պատմութիւնը: Վէպում նա արծարծում է նաեւ ոգու եւ լեզուի, հողի եւ հայրենիքի, ազգային յիշողութեան ու պատկանելութեան կենսական հարցեր՝ կարեւորելով դրանք որպէս մարդ էակի գոյատեւման հիմք», գրուած է այս մասին «Ապրիլ» գրատան յղած հաղորդագրութեան մէջ:
Կարէն æալլաթեան այժմ կ՛աշխատի բաղդատական գրականութեան իր դոկտորական թէզին վրայ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն ներս:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ
noor@abrilbooks.com հասցէին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: