«Լա Պոհեմ». Աշնան Բեմ Կը Բարձրանայ Շառլ Ազնաւուրի Կեանքին Նուիրուած Պալէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Charles-Aznavour-201.jpg)
Ֆրանսահայ հեղինակաւոր երգիչ Շառլ Ազնաւուրի կեանքը եւ գործունէութիւնը կ’ամփոփուի մէկ գործողութեամբ պալէի մէջ: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակատեմական թատրոնի պալեթմայսթեր Ռուտոլֆ Խառատեան տեղեկացուց, որ նոր բեմադրութիւն կը պատրաստէ:
««Լա Պոհեմ»-ի հիմքին կ’ըլլան Շառլ Ազնաւուրի երգերը: Այն կը ներկայացնէ Շառլ Ազնաւուրի ուղին: «Լա Պոհեմ»-ը մօտ 40 վայրկեաննոց 1 գործողութեամբ պալէ է: Ամենայայտնի երգերը պիտի ըլլան: Չնայած` Ազնաւուրի բոլոր երգերն ալ յայտնի են, շատ դժուար է ընտրելը»,-նշեց Ռուտոլֆ Խառատեան: Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակատեմական թատրոնի պալեթմայսթերի խօսքով` պալէին կը ներկայացուի Ազնաւուրը` որպէս արուեստագէտի կայացման ողջ ուղին, այն, թէ ինչպէս ան հանդիպեցաւ Էտիթ Փիաֆին, ինչերու միջէ անցաւ:
Խառատեանի հաւաստիացմամբ` ներկայացումը թատրոնին մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել 2016-ի աշնան: Նշանաւոր ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուր ծնած է 1924 թուականի Մայիս 22-ին Փարիզ: Բազմաթիւ յայտնի գործերու հեղինակ եւ կատարող է: Վաճառուած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները ամփոփող շուրջ 100 միլիոն ձայնապնակ: 2009 թուականէն Ազնաւուր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն է, ինչպէս նաեւ Ժնեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը: Հեղինակաւոր երգիչը Հոկտեմբեր 10-ին համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ, այցի ընթացքին այցելած է տարբեր վայրեր եւ հարցազրոյց տուած «Արմէնփրէսին»-ին:
Ռոզա Գրիգորեան