Մէճլիսի Հայ Պատգամաւոր. «Քաղաքացիի Պէս Վերաբերինք Այստեղի Հայուն, Ասորիին, Յոյնին, Հրեային»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Garo-Palyan.jpeg)
Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանէն ներս բարձրացուցած է ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներու խնդիրը: Թրքական «Habervaktim.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ-TBMM) նախագիծերու եւ պիւտճէի յանձնաժողովի նիստի ժամանակ Փայլան առաջարկած է վերաբանալ Սթամպուլի Հէյպելիատա կղզիի յունական հոգեւոր դպրոցը:
«Միթէ՞ դեռ չէ եկած այն օրը, որ քաղաքացիի պէս վերաբերինք այստեղի հայուն, ասորիին, յոյնին, հրեային: Կ’ըսէք, թէ կ’ուզէք հաւատացեալ հասարակութիւն մեծցնել,- ատիկա պարոն նախագահի նախաձեռնութիւնն է,- ուրեմն թոյլ տուէք, թող յոյներն ալ հաւատացեալ հասարակութիւն դաստիարակեն: Ինչու՞ ոչ»,-ըստ Ermenihaber-ի` ըսած է Փայլան:
Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հոգեւոր դպրոցներու խնդիրին աջակցած է Փայլանին. «Ես կը միանամ, թող բացուի», -ըսած է ան: Սակայն միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, թէ նշեալ խնդիրը ԱԳ նախարարութեան իրաւասութիւններուն մէջ չի մտներ, խնդիրը պէտք է համաձայնեցնել կրթութեան նախարարութեան հետ:
Փայլան օրակարգ բերած է նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցներու կարգավիճակի խնդիրը: Այդ հաստատութիւնները ներկայիս ոչ պետական դպրոցներ են, ոչ մասնաւոր: Ըստ հայ պատգամաւորի` ֆինանսներու նախարարութիւնը կը պնդէ, թէ ազգային դպրոցները պէտք է ձեւակերպուին որպէս առեւտրային կազմակերպութիւններ, մինչդեռ այդ դպրոցները վճարովի չեն եւ անոնց կոչումը ազգային դպրոց եւ ազգային հիմնադրամ ըլլալն է: