Հայաստանէն Երկու Արուեստագէտներու Աշխատանքները Պիտի Ցուցադրուին Ֆրեզնոյի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/0000Armenian-Museum-of-Fresno1.jpg)
Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանի ցուցադրասրահին մէջ, Փետրուար 15ին պիտի սկսի արուեստի ստեղծագործութեան ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին Հայաստանէն ժամանած երկու արուեստագէտներու՝ Արթուր Սարգսեանի եւ Մարինա Մամեանի աշխատանքները:
Արուեստագէտները ներկայ պիտի ըլլան նաեւ ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ընդունելութեան, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Ընդունելութիւնը պիտի կայանայ Փետրուար 19ին, երեկոյեան ժամը 6-9: Մուտքը ազատ է:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Ապրիլ 15։
Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանի հասցէն է 550 East Shaw Avenue, Fresno, CA 93710։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել (559) 224-1001 թիւին կամ այցելել թանգարանի կայքը՝ armof.org հասցէին։