Քոնկրեսական Շիֆ Կը Դատապարտէ «Ասպարէզ»ի Հետ Իր Հարցազրոյցէն Զայրացած Պաքուն

Փետրուար 11ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ խստօրէն քննադատեց Ատրպէյճանի մենատիրական վարչակարգը՝ հակադարձելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Փետրուար 10ին կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս յանձնարարած է Ուաշինկթընի իր դեսպանատան աշխատակիցներուն՝ ուսումնասիրել այն դերակատարութիւնը, զոր ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նիւլընտը՝ բրիտանացի պատգամաւոր Ռապըրթ Ուոլթըրի կողմէ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) առաջադրուած հակահայ բանաձեւը տապալելու գործին մէջ: Մամետեարով նաեւ Նիւլընտի ունեցած դերակատարութեան մասին իր դժգոհութիւնը յայտնած էր եւ ըսած, թէ այդ դերակատարութեան մասին վերջերս արտայայտուած է Էտըմ Շիֆ։

Նշենք, որ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ անցեալ շաբաթ կատարուած եւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Շիֆ ըսած էր, թէ «Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման մասին» ձեւակերպումը պարունակող հակահայ բանաձեւին ձախողութիւնը ապահովելու նպատակով, ինք խօսած էր այդ տարածաշրջանին մէջ գործող դեսպանի մը եւ Նիւլընտի հետ, որոնք նպաստած էին բանաձեւի տապալման:

Փետրուար 11ին, հակադարձելով Մամետեարովի «սպառնալիք»ին՝ Շիֆ շեշտեց, թէ Ատրպէյճան կը շարունակէ ընդդիմանալ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու միջազգային ջանքերուն՝ իբրեւ օրինակ տալով այն իրողութիւնը, որ Պաքու կը մերժէ սահմանագիծին վրայ կրակոցներու աղբիւրը բացայայտող սարքեր տեղադրելու առաջարկները, մինչ Հայաստան եւ Արցախ պատրաստակամութիւն յայտնած են նման սարքեր տեղադրելու շուրջ։

Շիֆ աւելցուց, թէ Պաքուի արարքները ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանի մենատիրական իշխանութիւնները կը ջանան քաղաքական ներքին նպատակներու համար շահագործել Արցախի տագնապը։ Այս պատճառով ալ, ան կոչ ըրաւ զգօն մնալու, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել ատրպէյճանական նման հակաքարոզչութեանց։

Յիշեցնենք, որ նշեալ բանաձեւին քննարկումէն առաջ, Շիֆ կոչ ըրած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիին, որ այդ բանաձեւին ձախողութիւնը ապահովելու նպատալով միջամտութիւններ կատարէ։

Scroll Up