ՀՕՄը Սկսած Է Ընդունելու «Լազարեան» Կրթանպաստներու Դիմումներ

ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունելու «Լազարեան» կրթանպաստներու դիմումնագիրները, որոնք պէտք է տեղ հասնին ամենաուշը մինչեւ Ապրիլ 1։

Կրթանպստներ կրնան ստանալ այն հայ ուսանողները, որոնք առնուազն ուսումնական կիսամեակ մը ամբողջացուցած են ամերիկեան վարկաւորուած համալսարանի մը մէջ։

Դիմումնագիրին մասին մանրամասնութեանց համար, այցելել www.arseastusa.org կայքը։

Կրթանպաստ ստացողները կ՛որոշուին ուսանողներու կարիքին, կարողութեանց ու հայ համայնքէն ներս անոնց գործունէութեանց հիման վրայ։ Դիմումնագիրները ի զօրու են միայն մէկ տարեշրջանի համար, իսկ իւրաքանչիւր ուսանող իր ուսումնական կեանքին ընթացքին առաւելագոյնը երկու անգամ կրնայ արժանանալ սոյն կրթանպաստին։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (617) 926-3801 թիւին կամarseastus@gmail.com հասցէին։

Ամբողջացուած դիմումնագիրները պէտք է ղրկուին հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Relief Society of Eastern USA, Inc., 80 Bigelow Ave, Suite 200, Watertown, MA 02472։

Scroll Up