Հանդիպում «Այվազովսկի»ի Հեղինակ Շահէն Խաչատուրեանի Հետ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան, Կիրակի, Փետրուար 21ին, երեկոյեան ժամը 6ին տեղի պիտի ունենայ արուեստաբան Շահէն Խաչատուրեանի նոր հրատարակուած «Այվազովսկի» երկլեզու գիրքին ներկայացումը՝ հեղինակին կողմէ։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Գրատան հասցէն՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Շահէն Խաչատուրեան ծնած է 1934ին, Հալէպ: 1946ին հայրենադարձ եղած է, իսկ 1965ին՝ շրջանաւարտ Լենինկրատի գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնարկէն։ Ան աշխատած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ՝ անոր տնօրէնը ըլլալով 1991-2003 տարիներուն: Միաժամանակ, ան տնօրէնը եղած է Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին (1967-2004), իսկ 2004էն ի վեր անոր փոխտնօրէնն է: 1987էն ի վեր Մշակոյթի հայկական հիմնարկի փոխնախագահն է:
Ներկայացման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: