CCAF-ի Կեդրոնական Ֆրանսայի գրասենեակը ընտրած է նոր նախագահ

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) Կեդրոնական Ֆրանսայի գրասենեակի ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է Փետրուար 10ին, Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ:
Նախագահ Միքայէլ Ղազարեան ներկայացուցած է 2014-15 տարեշրջանի գործունէութեան հաշուեկշիռը որ Հարիւրամեակին բերմամբ՝ բացառաբար հարուստ եղած է: Յաջորդած է կարճ վիճարկում մը:
Ապա, պաշտօնավարման յառաջիկայ եռամեայ շրջանին համար գրասենեակի կազմին մէջ ընդգրկուած են երեք կազմակերպութիւններ եւս, ընդհանուր թիւը հասցնելով 9ի: Այսպէս, UCDD (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն), APECLE (Լիոնի եւ Երեւանի միջեւ՝ փոխանակումներու եւ գործակցութեան համար ընկերակցութեան) եւ Վիլէօրպանի Հայ Մշակոյթի Տունը միացած են CCAF-ի Կեդրոնական Ֆրանսայի գրասենեակին, որուն արդէն անդամ էին ՀՅԴ-ն, ՌԱԿ-ը, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը, Լիոնի UCFAF-ը, Հայ Դատի Պաշտպանութեան Յանձնախումբը եւ ՀԲԸՄ-ը:
Այնուհետեւ ընտրուած են Կեդրոնական Ֆրանսայի գրասենեակի այն 9 անդամները որոնք պիտի ներկայացնեն զայն CCAF-ի ազգային խորհուրդին մէջ:
Հուսկ, CCAF-ի Կեդրոնական Ֆրանսայի գրասենեակը հրաժարեալ Միքայէլ Ղազարեանի տեղը նախագահ ընտրած է Րաֆֆի Գրիգորեանը (UCDD), մինչ Մկրտիչ Մախսիեան (ՀՅԴ) ընտրուած է քարտուղար եւ Աննա Ժանպոն (UCFAF) ալ գանձապահ:
Այս մասին կը յայտնէ Նոր Յառաջ: