Հայաստանի ու Յորդանանի ԱԳ Նախարարները Ընդգծած են Ահաբեկչութեան Դէմ Համատեղ Պայքարի Անհրաժեշտութիւնը

Միւնիխի անվտանգութեան հարցերով համաժողովին մասնակցող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փետրուար 12-­ին հանդիպում ունեցած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ճուտէի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է 2014-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յորդանան այցելութեան ընթացքին Թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին: Այս ծիրէն ներս Էդուարդ Նալպանտեան շեշտած է, որ ՀՀ նախագահի այցելութեան ընթացքին ստորագրուած համաձայնագիրները լաւ հիմք են երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը առաջ մղելու համար: Քննարկուած են երկկողմ օրակարգի` քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր: Բանակցութիւններու օրակարգին եղած են երկու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ պարբերական խորհրդատւութիւններու իրականացման, միջազգային կազմակերպութիւններու փոխգործակցութեան սերտացման հարցեր: Անդրադարձ եղած է միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն: Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են սուրիական ճգնաժամի կարգաւորման նպատակով միջազգային հանրութեան կողմէն գործադրուող քայլերուն շուրջ, ընդգծուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ջանքերու համախմբման անհրաժեշտութիւնը:

Scroll Up