ԱԳՆ-ն Կը Հաստատէ` Սթամպուլի Ձերբակալուածներուն Մէջ Կան ՀՀ Քաղաքացիներ

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ Սթամպուլի Շիշլի թաղամասին մէջ պոլսահայ ընտանիքի վրայ յարձակման մեղսակցութիւն ունենալու կասկածանքով ձերբակալուածներուն մէջ, նախնական տուեալներով, կան ՀՀ քաղաքացիներ: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթաքին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
«Ըստ նախնական տուեալների` ձերբակալաւածների մէջ կան ՀՀ քաղաքացիներ: Հիւպատոսական աջակցութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են դիւանագիտական յարաբերութիւնների բացակայութեան պատճառով»,- ըսած է Տիգրան Բալայեան:
Փետրուար 6-ին Շիշլիի Ճումհուրիէթ փողոցի տուներէն մէկուն մէջ բնակող հայ 85-ամեայ Յակոբ Եաքուփ Տէմիրճիի եւ 79-ամեայ Սեդա Այիտա Տէմիրճիի տան վրայ յարձակած էին: Անոնք հայ զոյգը կապած էին «խոզի կապանք» անունով յայտնի ձեւով` տունէն վերցնելով թանկարժէք իրեր եւ գումար: Կատարուածի մասին ահազանգած էր տան աշխատողը, որ ինչպէս միշտ եկած էր պոլսահայ զոյգի տուն, սակայն դուռը մէկը չէր բացած: Յակոբ Տէմիրճին կապանքի հետեւանքով խեղդուած էր, իսկ անոր կինը հիւանդանոց տողափոխուած է:
Յանցագործութենէն ետք թրքական ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած էր յարձակուողները յայտնաբերելու նպատակով: Տարածքի տեսխցիկներու ձայնագրութիւններէն իրաւապահները կրցած էին իմանալ անոնց դէմքերը: Յայտնի դարձած էր նաեւ, որ յարձակում իրականացուցած երեք անձիք մեքենայ վարձած էին եւ Սթամպուլէն մեկնած Տրապիզոն, ուր ալ ոստիկանութիւնը զանոնք ձերբակալած է: Յանցագործները կեղծ փաստաթուղթերով նպատակ ունեցած են Տրապիզոնէն գողօնով փախչիլ Վրաստան: Ձերբակալուած են նաեւ Սթամպուլի մէջ յանցագործութեան իրականացման աջակցած, մեքենայ վարձած եւ արտասահման փախչելու հարցով անոնց օգնած 5 անձեր:
Փետրուար 10-ին Տրապիզոնի հանրապետական դատախազութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, որ յարձակում իրականացուցածները ՀՀ քաղաքացիներ են: Ձերբակալուած 8 անձերէն 5-ը կանայք են, բոլորն ալ ՀՀ քաղաքացիներ: Անոնք են` Արթուր Ա., Արամ Է., Սերկէյ Բ., Մարիաննա Է., Լիդա Բ., Նարգիզ Բ., Արմինէ Մ., Քրիստինա Մ.: