Սրբոց Վարդանանց Տօնակատարութււնը Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանէն Ներս

Շաբաթ Փետրուար 7, ժամը 15ին, Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի աշակերտները ուսուցչուհիներու հսկողութեամբ կոկիկ հանդէս մը պատրաստած էին իրենց դասընկերներուն համար, հանդիսասրահին մէջ ուր բոլոր աթոռները գրաւուած էին:

Այս ամսուան դասախօսութեան որպէս հերթական նիւթ՝ Տեսուչ Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան ընտրած էր Վարդանանց Հերոսամարտը, բայց ոչ միայն որպէս բարոյական, այլ նաեւ զինուորական փայլուն յաղթանակ, պատմականօրէն բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս Աւարայրի հերոսական ճակատամարտէն վերջ, Հմայեակ Մամիկոնեան` Վարդանի եղբայրը, Հայոց ցրուած բանակը վերակազմելով սկիզբ տուաւ Բերդերու պատերազմին, փոքրաթիւ գունդերով ֆէտայական ճակատամարտներ մղելով Պարսից բանակին դէմ:

Scroll Up