Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, Զուիցերիոյ Հրուշակագործները Մոսկուայի Մէջ Պիտի Մասնակցին Շոքոլայի Սալոնին

Մոսկուայի Մէջ Մարտ 5-8 տեղի պիտի ունենայ Շոքոլայի սալոն, որ պիտի հաւաքէ շուրջ 70 մասնակից 12 երկրէ, ներառեալ` ԱՄՆ-էն, Զուիցերիայէն եւ Հայաստանէն։  այս մասին կը յայտնեն ։

Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն համաձայն՝ այցելուները պիտի կարենան տեսնել շոքոլայէ զգեստներով ցուցադրաքայլք եւ հանդիպիլ հռչակաւոր շոքոլագործներու հետ ամբողջ աշխարհէն։ Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն:

«Մոսկուայի հինգերորդ Շոքոլայի սալոնը տեղի պիտի ունենայ 2016 թուականի Մարտ 5-8 Գրասնայա Բրեսնեայի Ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ: Ամենաընդգրկուն փառատօնը այցելուները պիտի ուրախացնէ բազմազան ծրագիրով. շոքոլայէ զգեստներու հռչակաւոր ցուցադրութեամբ, աշխարհի ամենայայտնի շոքոլագործներու հետ հանդիպումով»,- ըսուած Է հաղորդագրութեան մէջ:

Մոսկուա փառատօնի հրուշակագործներ եւ շոքոլագործներ պիտի ժամանեն Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն, ԱՄՆ-էն, Ճափոնէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին նաեւ քաքաօ արտադրող երկիրներ` Գոտ Տիվուարը, Կանան, Գամերունը, Մատակասգարը եւ Գոլումպիան:

Ռուսաստանեան հինգերորդ սալոնը պիտի դառնայ ամենախոշորը: Նախնական գնահատումներով` ցուցադրանքը դիտելու պիտի այցելէ աւելի քան 30 հազար մարդ, որ կրկնակի աւելի է, քան 2015 թականին:

Scroll Up