Շուէտի ԱԳ Նախարարը Ծաղիկներ Զետեղած Է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշարձանին Մօտ

Շուէտի ԱԳ նախարարը Մարկոտ Վալստրեոմի ղեկավարած պատուիրակութիւնը Փետրուար 9-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, կը յայտնէ NEWS.am-ի թղթակիցը:
Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի եւ Հայաստանի մէջ Շուէտի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մարթեն էնպերկի ուղեկցութեամբ Շուէտի ԱԳ նախարարը ծաղիկներ զետեղած է 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Անմար կրակին մօտ:
ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով Շուէտի ԱԳ նախարար Մարկոտ Վալստրեմը Փետրուար 8-9ին պաշտօնական այցով կը գտնուի Հայաստանի մէջ: Անոր պիտի ընդունի նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Փետրուար 9-ին ԱԳ նախարարները բանակցութիւններ կը վարեն եւ համատեղ մամլոյ ասուլիս կ’ունենան: