Չու Նեցուկ Կը Կանգնի Հայաստան-Ամերիկա Տուրքերու Համաձայնագիրին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Ճուտի Չու (Քալիֆորնիա, Դ.) պաշտօնապէս կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր գանձապետ-ելեւմուտքի նախարար Ճէյգըպ Լիւին, որ առաջ մղէ Հայաստանի հետ տուրքերու առաւել նպաստաւոր համակարգի մը մէջտեղ բերելու ջանքերը եւ յատկապէս՝ կրկնակի տուրքերէ խուսափելու աշխատանքը, որուն երկարամեայ ջատագովներէն մէկն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Չու մանրամասնած է, թէ տուրքերու առաւել արդիական համակարգի մը որդեգրումը ինչպէ՛ս պիտի օժանդակէ Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ առեւտրական կապերու զարգացման՝ նպաստելով ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան եւ յատկապէս անոր տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին։
Անցեալ տարի նման պատգամներով նամակ մը յղած էր նաեւ քոնկրեսական Թետ Լիու (Քալիֆորնիա, Դ.)։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան ողջունեց քոնկրեսական Ճուտի Չուի այս կոչը՝ նշելով, որ նման բարեկարգումներու շնորհիւ պիտի դիւրանան տնտեսական փոխադարձ ներդրումները, միաժամանակ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նշենք, որ Դեկտեմբերին մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելած Հայ Դատի գործիչները այս նպատակով հանդիպում մը ունցած էին Չուի հետ։
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Մաճարեան եւս դրուատած է Չուի այս քայլը՝ յիշեցնելով, որ անոր ընտրատարածքէն ներս կ՛ապրին հազարաւոր հայորդիներ։
Նշենք, որ անցեալ Օգոստոսին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ նախարար Ճէյգըպ Լիւի հետ՝ քննելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու կարելիութիւնները եւ շեշտելով յատկապէս հրամայականը՝ 1973էն մնացած տուրքերու ներկայ դաշինքի արդիականացման:
Կրկնակի տուրքերէ խուսափելու միտող նոր դաշինքին մասին Հայ Դատի ուսումնասիրութիւնը կարդալhttp://anca.org/assets/pdf/ANCA_Double_Tax_Treaty.pdf կայէջին վրայ։