Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած է Շուրջ 600 Կրակոց

Փետրուար 8-ին եւ լոյս 9-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու սահմանագծին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 600 կրակոց։ Այս մասին կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը տիրապետում են օպերատիւ-մարտավարական իրադրութեանն առաջնային գծում եւ շարունակում վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: