Արուեստիս Հիմքը Հայկական Մշակոյթն Է, Սակայն Սրտիս Եւ Լեզուիս Երկիրը Ֆրանսան. Ազնաւուր

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուր Փետրուար 12-ին համերգով հանդէս կու գայ Տուպայի համաշխարհային կեդրոնի համերգասրահին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, համերգէն առաջ արաբական The Nationa-lին տուած հարցազրոյցին Ազնաւուր ըսած է, որ իր արուեստական տաղանդը զարգացած է արուեստասէրներու ընտանիքի մէջ, որ չունէր շատ ֆինանսական միջոցներ, սակայն հարուստ էր սիրով ու հոգատարութեամբ: «Ես շատ ուրախ եմ, որ կեանքիս մէջ գտած եմ իմ կոչումս, հանդիպած հետաքրքիր մարդոց, որոնք իմ մէջ խթանած են հետաքրքրասիրութիւնը»,ըսած է Շառլ Ազնաւուր:
Պարբերականը կը շեշտէ, որ 91 տարեկանին Ազնաւուր նկարահանուած է արդէն 60 ֆիլմի մէջ, գրած աւելի քան 1200 երգ, կ’երգէ 8 լեզուներով եւ վաճառած է աւելի քան 180 մլն ձայնագրութիւն: «Իմ արուեստիս հիմքին մէջ ինկած է հայկական մշակոյթը, սակայն իմ սրտիս եւ իմ լեզուիս երկիրը Ֆրանսան է: Յոյսով եմ, որ Հայաստան ի վերջոյ կ’ապրի խաղաղ, իր սահմաններուն հետ կապուած բոլոր խնդիրները կը լուծուին», ըսած է Ազնաւուր:
1975 թուականին, ան գրած է «Անոնք ինկան» երգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակին: 2008 թուականին Ազնաւուր ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ նշանակուած Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: