Սթամպուլի Իր Բնակարանին Մէջ Խեղդամահ Եղած է 85-ամեայ Հայ Քաղաքացի Մը

Սթամպուլի հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ անյայտ անձերծ ներխուժած են տարէց հայու բնակարան եւ սպաննած զինք: Դէպքը տեղի ունեցած է Շիշլիի Հարպիյէ Ճումհուրիյէթ պողոտային վրայ:

Վկայակոչելով թրքական Haberler.com լրատուականը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, որ անձը չպարզուած 3 մարդ ներխուժած են 85-ամեայ Յակոբ Տէմիրճիի բնակարան, կապկպած են զինք եւ իր կինը` 79-ամեայ Սեդա Այտա Տէմիրճին, վերցուցած տան մէջ եղած թանկարժէք իրերը եւ հեռացած:

Ոստիկանութիւնն ու փրկարարները յաջողած են ժամանակին փրկել կնոջ կեանքը` տեղափոխելով զայն հիւանդանոց: Սակայն տարէց տղամարդը հնարաւոր չէ եղած փրկել:

Նշուած է, որ յանցագործներու ինքնութիւնը պարզելու համար ոստիկանութիւնը կ՝ուսումնասիրէ տարածքին տեղադրուած անվտանգութեան տեսախցիկներու ձայնագրութիւնները:

Scroll Up