Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Դերասան Վարուժան Խտըշեանի

Կիրակի, Փետրուար 7-ին, վարուժանական ուրոյն մթնոլորտ կը տիրէր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի  «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, ուր զետեղուած էին տաղանդաշատ դերասան եւ լիբանանահայ թէ լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ իր ուրոյն ներդրումն ու անջնջելի դրոշմը ունեցած Վարուժան Խտըշեանի բեմադրած թատերախաղերուն աֆիշները, թատրոններուն լուսանկարները, իր կեանքը մարմնաւորող պատկերներ, որոնք այս վաստակաւոր անձնաւորութեան անանձնական կեանքին պատմութիւնը կը հիւսէին: Զետեղուած լուսանկարներուն ընդմէջէն կարելի էր տեսնել Վարուժան Խտըշեանը բեմին վրայ ու անոր ետին, իր անձնական կեանքի ամէնէն յատկանշական վայրկեանները` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի, ուր խտըշեանական ներդրումը անջնջելի եղաւ եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:

Յիշատակի ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ արուեստասէրները առիթ ունեցան ծանօթանալու Վարուժան Խտըշեանի ներկայացումներուն եւ լուսանկարներուն: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսաւ պաշտօնական բաժինը, երբ նախ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ արձանագրուած էին հանգուցեալ մտաւորական Գրիգոր Շահինեանի` Վարուժան Խտըշեանի մասին վկայութիւնները:

«Թատրոն 67» թատերախումբի անդամներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Վարուժան Խտըշեան թատերական ասպարէզ մտնելուն առաջին իսկ օրէն գրաւած է իր շրջապատին ուշադրութիւնը իր հզօր անհատականութեամբ, ընկերային ջերմ մթնոլորտ ստեղծելու եւ պահելու կարողութեամբ: Ան ըսաւ, թէ Վարուժան Խտըշեան դերասան պատրաստելու յատուկ կարողութիւն ունէր: Խստապահանջ էր դերասաններուն հետ, բայց լաւապէս կը գուրգուրար իւրաքանչիւրին վրայ:

Մ. Մխսեան նշեց, որ Վարուժան Խտըշեան բեմադրած է բազմաթիւ թատերգութիւններ, որոնք իրենց դրոշմը ձգած են գաղութի մշակութային կեանքին վրայ եւ նպաստած անոր վերելքին: Ան ոչ միայն բեմադրիչ էր, այլ նաեւ դերուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար:

Յաջորդ բաժինով Զաւէն Պաաքլինի եւ Յովսէփ Գափլանեան խոր յուզումով կարդացին Վարուժան Խտըշեանին մասին յուշեր ու վկայութիւններ, որոնք գրուած ու ղրկուած են աշխարհի չորս ծագերէն` մեծ բեմադրիչին մահուան յիշատակին առիթով:

Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան

Նելլի Սարգսեան

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան

Օրուան առաջին պատգամաբերն էր տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան, որ Համազգայինի ճամբով Վարուժան Խտըշեանին հետ տարած աշխատանքին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ անոր նկարագիրի ուրոյն գիծերն ու վարուժանական արժանիքները: Անդրադառնալով հայ մշակութային կեանքին մէջ Վարուժան Խտըշեանի մուտքով ծագած մեծ աղմուկին` ան հաստատեց, որ թատերական կեանքին մէջ փոթորիկ բարձրացաւ եւ նոր հանգրուան մը բացուեցաւ, մանաւանդ որ Վարուժան Խտըշեան մշակոյթը ժողովրդականացուց, թատրոնին մօտեցուց ժողովուրդը: Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան ըսաւ, որ Վարուժան Խտըշեան Համազգայինի հետ անցած է բաւական երկար ուղի մը` դպրոցական իր տարիներէն մինչեւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հետ բեղուն գործունէութիւնը: Վերյիշելով իբրեւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Վ. Խտըշեանը գործի հրաւիրելու պահը` Յովհաննէս Թասլաքեան ըսաւ, որ օրին Գրիգոր Շահինեանի հիմնական մտահոգութիւնը եղած է այն, որ միութենական որոշ սահմանափակումներու կարելի չէր ենթարկել ամբողջական ազատութեան կարիք ունեցող, միայն ինքնուրոյն գործելու վարժ Վարուժան Խտըշեանը: Սակայն հակառակ ամէն ինչի, Համազգայինն ու Վարուժան Խտըշեանը կնքեցին սրտի ու մտքի ծնունդ «ամուսնութիւն»-ը. սրտի, որովհետեւ երկուստեք հոգեկան կապուածութիւն ունէին, իսկ մտքի, որովհետեւ լիբանանահայ իրականութիւնը 1975 թուականին կը տատանէր ու կարիքը ունէր ուժերն ու կարողութիւնները միաւորող թատերական կեանքին թափ տուող անձնաւորութեան մը` Վարուժան Խտըշեանին նման:

Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան հաստատեց, որ Վարուժան Խտըշեան ի վերուստ օժտուած էր աստուածային շնորհով, զոր ան գործնականացուց մշակութային կեանքին մէջ: Յ. Թասլաքեան ըսաւ, որ Վ. Խտըշեան ընկերային էր, իր շուրջ համախմբելու կարողութիւն ունէր, բարի էր, լաւատես, կենսուրախ, գեղեցիկ եւ լաւը պաշտող, առաքինին ու ազնիւը առաջնահերթ նկատող: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ վաստակաւոր դերասան-բեմադրիչը նաեւ մտաւորական էր, արուեստի տարբեր ճիւղերուն քաջածանօթ, այդ պատճառով ալ անոր ներկայացուցած գործերուն մէջ թատրոնի ճամբով կը միաւորուէին արուեստի զանազան մարզեր` թատերասէրը վերածելով մշակութասէրի:

Տոքթ. Յ. Թասլաքեան ըսաւ, որ Վարուժան Խտըշեան ինքնին ամբողջ թատրոն մըն էր, բծախնդրօրէն կը հետեւէր իւրաքանչիւր թատերախաղի բոլոր մանրամասնութիւններուն: Բանախօսը կարեւոր նկատեց այն, որ Վարուժան Խտըշեան դպրոց եղաւ ոչ միայն արուեստին ու թատրոնի, այլ նաեւ հայոց լեզուն սորվեցուց դերասաններուն եւ թատերասէրներուն:

Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան իր խօսքը եզրափակելով անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ Վ. Խտըշեանի ունեցած ուրոյն ներդրումին, որուն հիմնական օժանդակողներէն մէկը եղած է Սօս Սարգսեան: Ան դիտել տուաւ, որ հակառակ դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն իր դրոշմը ձգած բեմադրիչը իր գիտութեան ու գործունէութեան ամբողջ ընթացքին տարածեց լաւն ու գեղեցիկը` առանց ընկրկելու կամ յուսահատելու, այդպիսով ալ անմահացաւ ան:

Իրմա Տէտէեան ապրումով կարդաց Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատերախաղէն Վանահօր եւ Մարիամ իշխանուհիին միջեւ եղած խօսակցութենէն հատուած մը:

Տեսերիզով մը ներկայացուեցան Երուանդ Ղազանչեանի, Գուժ Մանուկեանի, Արմէն Էլբակեանի, Վալերի Թումասեանի վկայութիւնները վաստակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Վարուժան Խտըշեանին մասին:

Օրուան երկրորդ պատգամաբերն էր Սօս Սարգսեանի այրին` Նելլի Սարգսեան, որ խօսելով մեծ բեմադրիչին ու դերասանին արժանիքներուն մասին հաստատեց, որ Վարուժան Խտըշեան ամբողջ կեանք մը նուիրած է արուեստին, հայոց թատրոնին: Ան անմնացորդ նուիրուած է ունենալով պոռթկումներ, ընդվզումներ եւ բազմաթիւ յաղթանակներ: Վ. Խտըշեան ամէն կերպարի եւ ներկայացման մէջ ներկայ էր մտաւորականի իր անհատականութեամբ, բարձրաճաշակութեամբ, իր յուզական աշխարհով, դիտել տուաւ Նելլի Սարգսեան եւ աւելցուց, որ Խտըշեան իր բեմադրութիւններով հասարակութեան կը հրամցնէր մարդու նոր տեսակ` փորձելով բացատրութիւններ տալ մարդկային բարդ յարաբերութիւններուն մասին, յաջորդ սերունդներուն ձգելով հրաշալի կերպարներու պատկերասրահ: Ն. Սարգսեան յայտնեց, որ Վարպետը անծայրածիր գիտելիքները կաթիլ առ կաթիլ  անմնացորդ կը բաշխէր իր ստեղծած կերպարներուն:

Նելլի Սարգսեան ակնարկ մը նետեց Սօս Սարգսեանի եւ Վարուժան Խտըշեանի մտերմութեան վրայ: Ան ըսաւ, թէ անոնց  յուզական զրոյցները անվերջանալի էին հայոց լեզուի մաքրութեան, աշխարհաբարի եւ գրաբարի հարստութեան, գրականութեան եւ պատմութեան վերաբերեալ: Ապա աւելցուց. «Երկուքն ալ հայ մարդիկ, որոնցմէ մէկը ծնած ու մեծցած է հայրենի հողին վրայ, իսկ միւսը` սփիւռքի մէջ, բայց երկուքն ալ յուզուած հայոց երկրի ցաւերով, հայ ազգին առջեւ ծառացած խնդիրներով»: Նելլի Սարգսեան անոնց հանդիպումներէն հաճելի դրուագներ յիշելով հրամցուց ներկաներուն:

Ապա կարդացուեցան Վարուժան Խտըշեանի մահուան առիթով յղուած ցաւակցագիրներ` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանէն, Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակէն, Հայաստանի շարժապատկերի գործիչներու միութեան նախագահ Ռուբէն Գէորգեանցէն, Երեւանի Հր. Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոնի գեղարուեստական խորհուրդէն, Սօս Սարգսեանի այրիէն` Նելլի Սարգսեանէն:

Խօսք առաւ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, որ Խտըշեան ընտանիքին անունով եւ յատկապէս Վարուժան Խտըշեանի այրիին` Անժելային անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ միշտ նեցուկ մնացած է Վարուժանին բոլոր պարագաներուն` բարձր արժեւորելով անոր արուեստը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններուն:

Սեդա Խտըշեան անհատաբար շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջերմ ու սրտագին զգացումներով արտայայտուեցան գաղութի մեծ կորուստին տխուր առիթով: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ծառայութիւններով թեթեւցուցին Վարուժան Խտըշեանի կեանքին վերջին դժուար ու դաժան տարիները: Ան ըսաւ, թէ պատուելով հայ ազգի արժանաւոր զաւակը, պատուըւեցաւ հայ մշակոյթը, արժեւորուեցաւ թատրոնի կենսական դերակատարութիւնը: Սեդա Խտըշեան գնահատականով մը պատուեց Վարուժան Խտըշեանի այրին` Անժելան, որ մնաց անոր կողքին` անբաժան ու հաւատարիմ: Տասնամեակներ գուրգուրաց ու հոգաց անոր: Անժելա Խտըշեան մեծ ճիգ թափած է փրկելու իր ամուսինին աւանդը` Վարուժանի բոլոր արխիւները հաւաքելով, մէկտեղելով եւ արժեւորելով:

Ս. Խտըշեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այս երեկոյ հնչած խօսքերը թող ներշնչեն թատրոնի ծառաները, որ շարունակեն նորանոր արարումներով կենդանի պահել հայ մշակոյթը, լեզուն, երաժշտութիւնը եւ ժողովուրդի ծարաւ հոգիները յագեցնեն գեղեցիկի ու բարձր արուեստի մատուցումներով»:

Յիշատակի երեկոն վերջ գտաւ Վարուժան Խտըշեանի բեմադրած թատրոններէն հատուածներու ցուցադրութեամբ:

Scroll Up