Անցնող Շաբաթավերջին Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած է Շուրջ 1500 Կրակոց

Անցնող շաբաթավերջին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1500 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան առաջնային գիծին եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

Scroll Up