Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Զաւէն Պիպէռեանի «Լկրտածը» Ֆրանսերէնի Թարգմանուած Վէպը

Գրականութեան իսկական սիրահար մըն է փիլիսոփայութեան դասախօս Ժերար Մալխասեան, որ արդէն որոշ ատենէ ի վեր պարբերաբար կը կազմակերպէ գրական հանդիպումներ Փարիզի Հայ ուսանողներու տան մէջ, «Սրահի Դասախօսութիւնները» ընդհանուր խորագիրին տակ:

Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին՝ Հինգշաբթի, Յունուար 27-ի երեկոյեան իր հիւրն էր Հերվէ Ժորժըլէն, հարազատ ֆրանսացի մը, որ հմտացած է յունարէնի եւ հայերէնի մէջ, տուեալ լեզուներէն դէպի ֆրանսերէն գրական թարգմանութիւններ կատարելու աստիճան:

Ինչ կը վերաբերի հայերէնին, իրեն կը պարտինք Արամ Անտոնեանի «Այն Սեւ Օրերուն» («En ces sombres jours») (2007) եւ «Աքսորի Ճամբուն Վրայ» («Sur la route de l՛Exil») (2013), Զաւէն Պիպէռեանի «Մրջիւններու Վերջալոյսը» («Le crepuscule des fourmis»)  (2012) եւ ներկայիս ալ «Լկրտածը» («La Trainee»)  (Նոյեմբեր 2015) հատորներու թարգմանութիւնները, բոլորն ալ լոյս տեսած MetisPresses հրատարակչատունէն:

Այս վերջինին՝ «Լկրտածը» վէպին, թարգմանութիւնն էր, որ պիտի ներկայացուէր այս երեկոյթին:

Շուրջ երեք տասնեակ գրասէրներու կոկիկ լսարանին առջեւ բացման խօսքը արտասանեց Ժերար Մալխասեան:

Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք գիրքին հեղինակ Զաւէն Պիպէռեանը, ինչպէս նաեւ օրուան հիւրը եւ իր գործունէութիւնը, խօսքը փոխանցեց Հերվէ Ժորժըլէնին:

Ան նախ մանրամասնօրէն ներկայացուց Պիպէռեանը, որուն ընդամէնը չորս հատորները միայն լոյս տեսած են, որոնցմէ առաջինն է «Լկրտածը» (1959), որուն նիւթը կը զարգանայ 1950ականներու Պոլսոյ մէջ, քաղաքին մնացեալէն գրեթէ կղզիացած՝ ասիական ափի արդիական Մօտա թաղամասին մէջ:

Ան բացատրեց, թէ Պիպէռեան ընտանիքը մինչեւ Ունեւորութեան տուրքի հաստատումը ապրած է բաւական բարեկեցիկ կեանք, որուն շնորհիւ ալ Զաւէն ստացած է լաւ կրթութիւն, թէպէտ յաճախ հեռացած է դպրոցներէն, որպէս հետեւանք իր եւ իր նմաններուն նկատմամբ ցուցաբերուած խտրութեան, ցեղապաշտութեան դէմ զայրոյթի, ապստամբութեան իր դրսեւորումներուն:

Այսպէս է, որ հանրածանօթ դպրոցներ կը յաճախէ Պիպէռեան, կ՛անցնի մէկէն միւսը, բայց չ՛աւարտեր եւ պատանեկութեան տարիներուն կը ստիպուի մտնել արհեստի ասպարէզ: Ապա, իր զինուորական տարիները անկիւնադարձ մը կը հանդիսանան իր աշխարհահայեացքին մէջ, քանի այդպէսով կը ծանօթանայ տարբեր աշխարհի մը՝ Անատոլիոյ:

0000ARMENIE Ժորժըլէն՝ անցնելով «Լկրտածը»ի պատմութեան, ըսաւ, թէ անոր առանցքը կը կազմեն հայ եւ թուրք ընտանիքներու զուգահեռը, անոնց մեծ նմանութիւնները, բայց նաեւ տարբերութիւնները. հոն վեր կը հանուին քաղաքական-ընկերային հարցեր: Ակնբախ է ընկերութիւն մը, ուր ոչ-թուրքերու վրայ կ՛իշխեն Թուրքերը, որոնք իրենց կարգին լայնօրէն ազդեցութեան տակ կը գտնուին այդ շրջանին ՕԹԱՆի (ՆԱԹՕ-Խմբ.) ծիրէն ներս դաշնակցութեան բերմամբ՝ Թուրքիա մուտք գործած ամերիկեան մշակոյթին: Ան ներկայացուց վէպին կարեւոր դէմքերը՝ Գրիգորը, Երանիկը, Փուփուլը, Քեազըմ Պէյը եւ լկրտած՝ Կիւլկիւնը, որ «կ՛ապրի» Լիզ Թէյլըրի մորթին մէջ եւ բոլորովին կորսուած էակ մըն է խառնափնթոր այդ ընկերութեան մէջ:

Աւարտին, «Լկրտածը» վէպէն հատուածներ ընթերցեցին Վարվառա Պասմաճեան հայերէնով եւ ինք՝ Հերվէ Ժորժըլէն ֆրանսերէնով:

Թարգմանիչը իր հետ բերած էր Պիպէռեանի՝ իր թարգմանած զոյգ հատորներէն օրինակներ, որոնք վաճառքի դրուած էին անոնց համար, որոնք պիտի փափաքէին իրենց հետ տանիլ պճեղ մը կեանք Պոլսոյ հի՜ն օրերէն:

Scroll Up