Սահմանագծի Վրայ Հայ Զինծառայող Զոհուած է

Փետրուար 4-ին եւ լոյս 5-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու սահմանագծին կրկին արձանագրուած է լարուածութեան նկատելի աճ: Ատրպէյճանական զինուժը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1500 կրակոց:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Փետրուար 5-ի ժամը 3:55-ի սահմաններուն Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդի կողմէն արձակուած կրակոցէն զոհուած է ՊԲ 20-ամեայ զինծառայող Սիմոն Ռաֆիկի Ճաւրշեանը:
Դէպքի մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: