Մարդասիրական «Փարոս» Կազմակերպութեան Հետ Հայաստանի Մէջ Սպասարկելու Առիթ

Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան Յունիս 23էն Յուլիս 24ի միջեւ, 17էն 23 տարեկան երիտասարդներ առիթը պիտի ունենան գործնականապէս իրենց ներդրումը բերելու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման:

Ծրագիրին մասնակցողները նաեւ առիթը պիտի ունենան այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական ու մշակութային կարեւոր վայրերը. անոնց համար պիտի կազմակերպուին շարք մը հանդիպումներ եւ դասախօսութիւններ:

Դիմումնագիրներ ներկայացնելու ժամկէտը Ապրիլ 1ն է:

Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել Փիթըր Ապաճեանին՝ (310) 400-9061 թիւով կամ peter@paros-foundation.org հասցէով: Իսկ դիմումնագիրներու եւ կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը:

«Փարոս» հիմնարկը անցեալ տարի ամբողջացուց մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական 100 ծրագիրներ իրագործելու «100 մինչեւ 100» կոչուած նախաձեռնութիւնը, որ ծնունդ առած էր Հոկտեմբեր 2011ին:

Scroll Up