Զինուորներու Բուժումը Զօրացրուելէ Ետք Կը Շարունակուի Պետութեան Հաշուին

Ծառայութեան ընթացքին առողջական խնդիրներ ձեռք բերած զինուորներու բուժումը զօրացրուելէ ետք կը շարունակուի պետական միջոցներու հաշուին: Այս մասին տեղեկացուցած է Բժշկասոցիալական փորձաքննութեան գործակալութեան պետ Արմէն Սողոյեան:
«Յաճախ ծառայութեան ընթացքում ձեռք բերած հիւանդութիւնը զինուորին կարող է հասցնել հաշմանդամութեան: Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց համար վերականգնման գործընթացն այդ ժամանակ իրականացւում է պետական միջոցների հաշուին»,- ըսած է Սողոյեան` միաժամանակ նշելով, որ կ’ըլլան դէպքեր, երբ հիւանդութիւնը կայ, սակայն ատիկա անձին չէ հասցուցած հաշմանդամութեան, կը գրէ Tert.am-ը:
Այդ պարագային, ըստ պաշտօնեային, զօրացրուելէ յետոյ վերականգնման հարցը քաղաքացին պէտք է լուծէր սեփական գրպանի հաշուին: Սակայն այժմ, Սողոյեանի խօսքերով, պատրաստուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած է Կառավարութեան որոշման նախագիծ, ըստ որուն` ծառայութեան ընթացքին հիւանդութիւն ձեռք բերած եւ զօրացրուած անձանց կը տրամադրուի վերականգնողական անհատական ծրագիր, եւ ատով անոնց բուժօգնութիւնը կ’ըլլայ պետական պատուէրի ծիրին մէջ: