Հայաստանաբնակ Երեխաներու Ձմեռնային Հանգիստը Հոլանտայի Մէջ

Հոլանտական Paxkinderhulp կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, օգնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ` ինչպէս ամեն տարի, այս տարի եւս Հոլանտայի մէջ  իրենց ձմեռնային արձակուրդները իրականացուցին Հայաստանէն ժամանած անապահով ընտանիքներու շուրջ 40 երեխայ` Վանաձոր եւ Սպիտակ քաղաքներէն: Այս մասին Ալմելոյէն «Հայերն այսօրին» կը  տեղեկացնէ Մանուկ Մկրտչեան:

Երեխաները բնակած են հոլանտական հիւրընկալ ընտանիքներու մէջ: Անոնց իւրաքանչիւր օրը հագեցած էր բազմաթիւ ձեռնարկներով, շրջագայութիւններով, այցելութիւններով:

Յունուար 24-ին Ալմելոյի ՀԲԸՄ,  ՀՄԸՄ եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ` Ալմելօ այցելած էին Սպիտակէն ժամանած 20 երեխաներ: Երեխաները մասնակցեցան սուրբ  պատարագին, որմէ ետք այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, այնուհետեւ գացին Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահ, ուր անոնց համար պատրաստուած էր գեղեցիկ ձեռնարկ. երգ, պար եւ համեղ ճաշկերոյթ:

Ձեռնարկին աւարտին կազմակերպիչներուն կողմէ երեխաները ստացան բազմաթիւ նուէրներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցաւ հանգանակութիւն, որուն ընթացքին հաւաքուած  գումարը փոխանցուեցաւ  Paxkinderhulp-ին` երեխաներուն նուիրելու համար:

Երեկոն անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Երեխաները մեծ տպաւորութիւններով վերադարձան իրենց հիւրընկալ ընտանիքներ:

OLYMPUS DIGITAL CAMERAOLYMPUS DIGITAL CAMERA OLYMPUS DIGITAL CAMERADSC_1881DSC_1890 1DSC_1898 1DSC_1904 1DSC_1991DSC_2066

 

Scroll Up