Այսօր Սուրբ Վարդանանց Զօրավարներու Եւ 1036 Վկաներու Յիշատակութեան Օրն է

Հայ Առաքելայեան եկեղեցին այսօր կը նշէ Սուրբ Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օրը:
Qahana.am-ը կը գրէ, որ 451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են: Իրենց նահատակութեամբ անոնք հաստատեցին հայ ժողովուրդին ապրելու կամքը եւ լինելիութեան իրաւունքը: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւն ընդունելէ ի վեր Հայ եկեղեցին սերտօրէն կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Ատոր վառ օրինակը Վարդանանց պատերազմն է: Պարսից զօրքերուն դէմ մղուած պատերազմի ընթացքին հայ մարտիկներու կողքին էր Հայոց եկեղեցին Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ: Մարտէն առաջ հայ հոգեւորականները ոչ միայն կը քաջալերէին զօրքը մակաբայեցիներու օրինակով, այլեւ մկրտութեան եւ Սբ. Պատարագի խորհուրդով առաւել կ՛ամրապնդէին նուիրեալներու հաւատքն ու ոգին:
«Եւ սեղան կանգնեցնելով` ամենասուրբ խորհուրդը կատարեցին, պատրաստեցին նաեւ աւազան, եւ եթէ զօրքի բազմութեան մէջ չմկրտուած մարդ կար, ամբողջ գիշերը մկրտեցին. Եւ առաւօտեան Սբ. Յաղորդութիւն ընդունեցին», – կը գրէ Եղիշէ պատմիչը Վարդանանց պատերազմէն առաջ կատարուածի մասին:
Վարդանանց տօնին Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի եւ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սբ. Պատարագ: