Բակօ Սահակեան Ընդունած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 4-ին ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը եւ փոխտնօրէն Արարատ Խլղաթեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Քննարկուած են հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահը կարեւոր համարած է աշխատանքներու պատշաճ կատարումը` պահպանելով նախանշուած ժամկէտները:

Scroll Up