Արթուր Աբրահամ՝ Գերմանիոյ Լաւագոյն Բռնցքամարտիկ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/64429.jpg)
Հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, գերմիջին ծանրութեան կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ կրկին ճանչցուած է Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն բռնցքամարտիկ: Այս մասին կը յայտնէ NEWS.am Sport-ը :
Գերմանական “BoxSport” ամսագրի դատական կազմի եւ ընթերցողներու միջեւ իրականացուած քուէարկութեան արդիւնքով Արթուր Աբրահամ հաւաքած է առաւելագոյն թիւով ձայներ:
Նշենք, որ այս տիտղոսին հայ բռնցքամարտիկը կ՛արժանանայ արդէն 7-րդ անգամ:
Արթուր Աբրահամի մարզիչը` Ուլլի Վէկներ, եւս յաղթած է «Տարուան լաւագոյն մարզիչ» անուանակարգին մէջ. ան այս անուանակարգին մէջ կը յաղթէ արդէն 13-րդ անգամ:
Յիշեցնենք, որ Աբրահամի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 9-ին Լաս Վէկասի մէջ, ուր պիտի մրցի 24-ամեայ մեքսիքացի Ճիլպերթօ Ռամիրեսի հետ: Արթուր Աբրահամ նախորդ անգամ ԱՄՆ-ի մէջ մենամարտած է 2012-ի Մայիս 14-ին` Քալիֆորնիոյ մէջ պարտուելով ամերիկացի Անտրէ Ուորտին: Անոր նախորդ մենամարտը տեղի ունեցած է 2015-ի Նոյեմբեր 21-ին Գերմանիոյ Հանովեր քաղաքին մէջ, ուր միաւորներով յաղթած էր անգլիացի մարտին Մարէյին: