Զատկուան Նուիրուած Իւրայատուկ Համերգ՝ Մարտ 13ին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/0000AMAA-Lark.jpg)
Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան, Կիրակի, Մարտ 13ին, երեկոյեան ժամը 5ին, «Լարք» երաժշտանոցը՝ առաջնորդութեամբ խմբավար Վաչէ Պարսումեանի, պիտի ներկայացնէ Պախի «St. Matthew Passion» ստեղծագորութիւնը, որ նուիրուած է երկրի վրայ Յիսուսի կեանքին վերջին օրերու իրադարձութեանց՝ Ս. Մաթէոսի պատումով։
Իւրայատուկ այս ներկայացումին պիտի մասնակցին երկու նուագախումբեր, երկու երգչախումբեր, երեխաներու երգչախումը եւ անհատ կատարողներ։
Ելոյթին ընթացքին, պաստառի վրայ պիտի ներկայացուին գործին հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւնները, իսկ դադարին պիտի հրամցուի Պահքի յատուկ ճաշ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենալ Կլենտէյլի «Մեթոտիս»չ եկեղեցւոյ մէջ (130 N. Kenwood St. Glendale, CA 91206)։
Մասնակցութեան սակը՝ ներառեալ ճաշը, 50 տոլար է։ Կան նաեւ ձեռնարկին աջակցելու այլ կարելիութիւններ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: