Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն ներս Հայոց Բանակի նուիրուած դասախօսութիւն

Հայոց բանակը բառացիօրէն ամէն օր եւ ամէն գիշեր կը պաշտպանէ մեր կեանքը, շատ յաճախ մարտի բռնուելով մեր հայրենիքին նկատմամբ ոտնձգութիւններ կատարող թշնամիին դէմ:
Հայոց բանակի շնորհիւ, մենք այսօր ունինք ապահով սահմաններ եւ անոնց անհանգիստ վիճակն է, որ մեր ժողովուրդին կ’ապահովէ հանգիստ ու խաղաղ գործունէութիւն:
Ուստի, անոնք արժանի են ամէն յարգանքի ու պատիւի:
Արդարեւ,Հայոց բանակի ստեղծման 24-րդ տարեդարձին օրուան առիթով, կազմակերպութեամբ վարժարանիս տնօրէնութեան՝ Կիրակի, 30 Յունուար 2016ի առաւօտեան, Քուէյթի Ազգային վարժարանի ԺԱ եւ ԺԲ կարգի աշակերտները ներկայ գտնուեցան հայոց բանակի մասին պատրաստուած յատուկ դասախօսութեան մը դպրոցի սրահէն ներս:
Օրուան դասախօսն էր Քուէյթի մէջ ՀՀ հիւպատոս՝ Պրն. Լեւոն Պետրոսեան:
Յարգելի դասախօսը սահիկներով ներկայացուց հայոց բանակի կազմութիւնը, պատմականը եւ մերօրեայ իրավիճակը:
Աւարտին խրախուսեց հայ ուսանողները հայոց բանակին ընդմէջէն ծառայելու ազգին ու հայրենիքին, շեշտելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան միակ երաշխիքն է՝ հայոց հզօր ու կազմակերպուած բանակը:
Փա՜ռք ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնց ջանքերուն շնորհիւ ունինք հզօր եւ մարտունակ բանակ, անոնց, որոնք այսօր ալ անսասան կը պահեն մեր հայրենիքին սահմանները, կը պահպանեն մարդոց անդորրն ու խաղաղ կեանքը:

Այս մասին կը յայտնէ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի ֆէյսպուքեան էջը:

Scroll Up