Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ծերակոյտին Կոչ Ուղղած Է Ղարաբաղին 5 Մլն Տոլար Յատկացնել
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/37-300x225.jpg)
Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբին համար 2017թ. ընթացքին գերակայ խնդիր պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղին առնուազն 5 մլն տոլար օգնութիւն ցուցաբերելը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ մարդասիրական եւ զարգացման ծրագիրներուն, ներառեալ` Լէտի Գոքսի վերականգնողական կեդրոնի արդիականացման եւ ընդլայնման: Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ այսօր ամենաանհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ սահմանակից շրջաններուն մէջ ֆիզիքական եւ մտաւոր արատներով երեխաներու եւ դեռահասներու վերականգնման ապահովումն է:
Բացի այդ, Հայ դատի յանձնախումբը ԱՄՆ Սենատէն եւ ներկայացուցիչներու պալատէն խնդրած է աջակցիլ ամերիկահայերու արտաքին օգնութեան այլ գերակայ ուղղութիւններուն, որոնց մէջ են.
Ատրպէյճանին ԱՄՆ յատկացուցած օգնութեան զերոյացում, քանի դեռ այդ երկրի նախագահը համաձայնութիւն չէ տուած դիպուկահարներուն եւ ծանր զինատեսակները ետ քաշելու մասին ծերակուտականներ Ռոյսի եւ Էնկելի պայմաններուն:
Հայաստանին առնուազն 40 մլն տոլար յատկացնել առեւտրային եւ ներդրումային յարաբերութիւններու զարգացման համար:
Հայաստանին արտահերթ կարգով առնուազն 10 մլն տոլար յատկացնել Մերձաւոր Արեւելքէն Հայաստան ժամանած մօտ 20 հազար սուրիացիներուն տեղաւորելու համար: