Ս. Յովհաննու Կարապետի Տօնը Ալեքսանտրուպոլսոյ Համանուն Եկեղեցիէն Ներս

այ առաքելական եկեղեցին, հազարաւոր տարիներ ետք, նոյն հաւատարմութեամբ եւ հաւատքով կը շարունակէ պաշտպանել մեր նախնիներէն մեզի հասած աւանդութիւնները, որոնց շարքին է Սուրբերու անուանակոչութիւնը, որով կը տօնեն համանուն եկեղեցւոյ եւ անհատի
անուանակոչութեան տօնը: Անոնց շարքին մաս կը կազմէ նաեւ Ս. Յովհաննէսի տօնը, զոր տարուայ ընթացքին երեք անգամ կը յիշատակենք:
Արդարեւ, Կիրակի՝ 24 Յունուար 2016ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղականութեան կազմակերպութեամբ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ընդառաջելով շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի եւ Թաղային Խորհուրդի հրաւէրին՝ պատարագեց, քարոզեց, ջրօրհնէքի եւ սուրբի պատկերի օծման կարգը կատարեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան: Տօնի նախօրեակին Թաղային Խորհուրդը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ երեկոյեան հանդիպում մը, որու ընթացքին զեկուցեց իր աշխատանքներունմասին եւ մատնանշեց կարգ մը հարցեր: Իր կարգին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը զեկոյց մը տուաւ Ազգ. Վարչութեան աշխատանքներուն մասին եւ իր ցուցմունքը տուաւ կարգ մը հարցերու նկատմամբ: Թաղային խորհուրդը Սրբազան Հօր պատուեց ընթրիքով:
Ընդառաջելով Թաղային Խորհուրդի հրաւէրին՝ պատարագին ներկայ գտնուեցան Ալեքսանտրուպոլսոյ Անթիմոս Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ Թէոտորոս Ծ. Վարդապետը, փոխ-քաղաքապետ պրն. Խրիստոս Երաքոբուլոս, Ազգ. Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէի անդամ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան, շրջակայ քաղաքներու Թաղային Խորհուրդներու ատենապետներ եւ ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ընկերակցութեամբ տօնին համար ժամանած Պոլսոյ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն ոմանց:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յիշեց, թէ «Տօներու յիշատակումը պարզապէս յիշելու ու կատարելու սիրոյն կատարուած իրողութիւններ չեն, այլ տօնը մեզ կը դնէ իր հետ ամէն տարի նորոգուած, նոր գաղափարներու, նոր մտածումներու եւ նոր յանձնառութիւններու առջեւ, որոնցմէ մէկն է Յովհաննու Կարապետի տօնը»: Սրբազան Հայրը, խօսելէ ետք Սուրբի կեանքին ու անոր խորհուրդին մասին, շեշտեց ծառայութեան գաղափարը, հաւատացեալներուն յիշեցնելով, թէ ընթացիկ տարին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հռչակած է ծառայութեան տարի: Պատարագիչ Սրբազանը նշեց նաեւ, թէ «Ծառայող մարդը պարգեւատրում չի սպասեր, ծառայող մարդը նիւթական վարձատրութիւն չի սպասեր, ծառայողը նախանձ ու բամբասող չըլլար: Ծառայող մարդը ամենամեծ սէրը կ’ունենայ եւ անոր համար կը ծառայէ: Մենք նահանջած ենք մեր ծառայութեան գետնին վրայ: Ծառայութեան օրինակը Քրիստոս ինք մեզի տուաւ եւ այդ մէկը կ’ըլլայ միայն խոնարհութեամբ, որովհետեւ Քրիստոս ըսաւ.- «Ով որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ կը բարձրանայ եւ ով որ ուզէ ինքզինք բարձրացնել՝ կը խոնարհի»:
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք կատարուեցաւ նոր Միւռոնով ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ օծման արարողութիւնը Ս. Յովհաննու Կարապետի պատկերին, որ նուիրուած էր տեղւոյն եկեղեցւոյ նախկին թաղական անդամներէն պրն. Կարէն Մելիքսէթեանի կողմէ, որպէս նշան ծառայութեան եւ ուխտի: Աւարտին «Կիլիկիա» եւ «Մեր Հայրենիք» ոգերգներէն ետք, Սրբազան Հայրը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները:
Տօնին պաշտօնական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Էվտոմօ» ճաշարանէն ներս: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թաղականութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Գուրպանեան, որ յանուն Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային Խորհուրդին ու հաւատացեալներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր ներկայութեան համար: Ատենապետը իր խօսքին մէջ նաեւ յիշեց, թէ ուրախութիւն է նման ուրախ առիթներու հաւաքուիլ սիրոյ սեղանի մը շուրջ, հայկական շունչով ու հոգիով հացակից դառնալու համար իրարու: Հրաւիրուեցաւ տիկ. Զապէլ Այվազեան, որ յանուն Ազգ. Վարչութեան շնորհաւորեց տօնակատարութիւնը եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային խորհուրդին:
Համազգայինի Ալեքսանտրուպոլսոյ «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղի կողմէ խօսք առաւ տիկ. Սոֆիա Ամիրխանեան, որ անդրադարձաւ, թէ տարիներու բացէ մը ետք, Համազգայինի մասնաճիւղը դարձեալ կեանքի կը կոչուի եւ տօնին առիթով կը ներկայացնէ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ երգ, պար եւ ասմունք, պատրաստութեամբ Հրայր Սրկ. Տաղլեանի եւ տիկ. Մարիամ Փետեւոտեանի: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կ. Պոլսէն ժամանած դպիրներէն պրն. Սիրուն Սիրունեան, որ տուտուքի նուագով ներշնչեց բոլորը, ընկերակցութեամբ մեներգող տիկ. Լուսի Գահուէճօղլուի:
Ճաշկերոյթի աւարտին, շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան խօսք առնելով ըսաւ.- «Այն ժողովուրդը, որ իր անցեալը կը մոռնայ, չի կրնար պատրաստել իր ապագան: Հայ ժողովուրդը, իր մեռելները յիշելով, իր անցեալը ոգեկոչելով ու տօնելով, կ’ապրի ներկան ու կը պատրաստէ ապագայի իր սերունդը եւ օրուան խօսուն պատկերը կը վկայէ, թէ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ եթէ չըլլային անցեալի մեր եկեղեցւոյ ծառաները, այսօր մենք շատ հաւանաբար չտօնէինք եւ չարժեւորէինք մեր գոյութիւնը: Ուստի Թաղային Խորհուրդը գեղեցիկ մտածումը ունեցաւ յետ մահու յիշատակելու բոլոր այն ազգայինները, որոնք անշահախնդրօրէն ծառայեցին ի սպաս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ պարգեւատրելու նոյն ծիրէն ներս երկու ազգայիններ»: Ուստի Տէր Հայրը, յիշատակելէ ետք հանգուցեալ ծառայողներու անունները, բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ատենապետ պրն. Գրիգոր Գուրպանեանը, որպէսզի յուշանուէրները յանձնեն պրն. Համբարձում Մարուքեանի եւ պրն. Դանիէլ Թադէւոսեանի:
Ետքը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման խօսքով հանդէս գալով նախ շնորհաւորեց պարգեւատրեալները, ապա՝ ըսաւ, թէ «Մեր այսօր այստեղ հաւաքուիլը, հայկական երգի ու պարի շունչին տակ, փաստ մըն է, որ տակաւին հայութիւնը օտարութեան մէջ ողջ է ու, իր ամէն տեսակ դժուարութեանց մէջ նոյնիսկ, կը շարունակէ ապրեցնել իր լեզուն ու ազգութիւնը»:
Հայկական ջերմ ու ազգային մթնոլորտի մը աւարտին, հաւատացեալ ժողովուրդը բաժնուեցաւ գալ տարի եւս իր ուխտը վերանորոգելու որդիական խոստումով ու Սուրբին ներշնչած հոգեկան խաղաղութեամբ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Ազատ օր