Դամասկոսի Զոհերուն Մէջ Հայեր Չկան

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան տուեալներով Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր չկան: Այս մասին Panorama.am-ին ըսաւ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Տիգրան Պալայեան:
Յիշեցնենք, որ կիրակի օրը Դամասկոսի շիական Սէյիտէ Զէյնապ թաղամասին մէջ որոտացած է երեք պայթիւն: Պայթուցիկներէն մէկը ահաբեկիչները պայթեցուցած են հեռակառավարմամբ: Պայթուցիկը տեղադրուած եղած է ինքնաշարժի մէջ: Միաժամանակ գործողութիւն իրականացուցած է մահապարտ ահաբեկիչը: Ան ինքզինքը պայթեցուցած է հանրակառքի մէջ: Քանի մը վայրկեան անց պայթած է եւս մէկ ահաբեկիչ:Ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 76-ի, եւս 110 մարդ վիրաւոր: