«Հայոց Հոգեւոր եւ Կրթական Կեանքը Պուլկարիոյ Մէջ» Գիրքի Շնորհանդէս Սոֆիայի Մէջ

Սոֆիայի հայկական ազգային տան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է «Հայոց հոգեւոր եւ կրթական կեանքը Պուլկարիոյ մէջ»  գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուի շնորհանդէսը` նուիրուած Պուլկարիոյ թեմի առաջին արքեպիսկոպոսի Ստեփաննոս Յովակիմեանի ընտրութեան 88-ամեակին եւ անոր մահուան 80-ամեակին: Այս մասին Սոֆիայէն կը յայտնէ Գոհար Խնկանոսեան:

2014 թուականին կայացած գիտաժողովին ներկայացուած նիւթերը կը վերաբերին Հայոց թեմի հիմնադրման, առաջնորդին, Պուլկարիոյ տարբեր բնակավայրերու մէջ գոյութիւն ունեցած կամ մինչ այժմ գործող հայկական եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ այլն: Փրոֆ. Խիդգօ Վաչեւի,  Մարգօ Զլադեւի, Օննիկ Փիլիպոսեանի, Գաթալինա Սալդիրովա-Բաւլովայի, Վարդանուշ Դոփագպաշեանի, Էոժենի Սագզի, Մասիս Խաճոլեանի, Ներսէս Շիրինեանի, Օննիկ Կիւլեանի, Սոնա Արշաւիրի, Սիրուհի Շէյթանեանի, Սիմոն Թիւթելեանի, Գոհար Խնկանոսեանի, Էլիզապէթ Պօղոսեանի, Արմանտ Պասմաճեանի, Միհրան Պօղոսեանի կողմէ ներկայացուած թեմաները կը նկարագրեն Պուլկարիոյ մէջ ապրող հայերու եկեղեցական, կրթական, մշակոյթային հիմնախնդիրները:

Հեղինակները արխիւային եւ պատմական փաստերու հիման վրայ կամ ըլլալով անմիջական մասնակից մեր օրերու ձեռնարկներու` կը բացայայտեն համայնքի պատմութիւնն ու արդի  դրութիւնը, որ ժողովածուն կը դարձնէ ոչ միայն հետաքրքրական այլ նաեւ եզակի` իր բնոյթով:

Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցած են Տէր Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանը, փրոֆ. Գ. Մարտիրոսեանը, Օ. Փիլիպոսեանը, Վ. Դոփագպաշեանը, ներկաներ: Երեկոն աւարտած է Տէր Գուսան քհն. Հատաւեանի արտասանութեամբ եւ Մարի Պասմաճեանի կողմէ Եկմալեանի «Հրեշտակային երգ»-ի կատարումով:

Scroll Up