Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ Հարցազրոյց-Հանդիպում

Հակառակ գաղութէս ներս կատարուող բազմաթիւ ձեռնարկներուն, Կիրակի, 17 Յունուարի երեկոյեան գրասէր ընտրանի մը հաւաքուեր էր Ալթատինայի ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոն՝ ներկայ ըլլալու Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպած հարցազրոյց-հանդիպումին, որուն թեման էր «Հայ գրականութիւնը եւ դրա հետ առնչուող խնդիրները Հայաստանի Հանրապետութիւնում՝ վերջին 20-25 տարիների ընթացքում»:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհի՝ գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեանի բովանդակալից բացման խօսքով: Ան հրաւիրեց հարցազրոյցի մասնակիցները, տեղ գրաւելու համար բեմահարթակին վրայ:
Հրաւիրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Բանասիրական գիտութիւններու դոկտ. փրոֆ. Արտէմ Սարգսեան, Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող բանաստեղծ-թարգմանիչ Էտուարտ Հախվերտեան եւ լոսանճելըսաբնակ բանաստեղծ Հայկ Հրայր:
Յայտագիրը ընթացք առաւ Քէհէեանի կողմէ հարցադրումներով՝ հայ գրականութեան հետ առնչուող նիւթերու մասին, մանաւանդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին քառորդ դարուն ընթացքին ծաւալած հարցերուն մասին:
Առաջին հերթին, փրոֆ. Սարգսեան անդրադարձաւ յետ խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ ընթերցասիրութեան ահաւոր անկումին պատճառներուն, օրինակ՝ հրատարակութեան սղութեան, գրողներու վարձատրութեան բացակայութեան, ելեկտրոնային «գիրքերու» տարածումին եւ այլ պատճառներու: Հախվերտեան եւս շեշտեց որակաւոր գիրքերու սղութեան հարցը՝ անդրադառնալով իր անձնական փորձառութենէն մեկնած դժուարութիւններուն, որոնք կը դանդաղեցնեն գրականութեան զարգացումն ու տարածումը, եւ յիշեց մասնաւորաբար այն երեւոյթը, որ զգալի է այս շրջանին, երբ փոխանակ պետական հովանաւորութեամբ կատարուող 20-30 հազար տպաքանակի՝ այժմ հեղինակները իրենց նիւթական միջոցներով ստիպուած են 500-700 տպաքանակով բաւարարուելու:
Երեք մասնակիցները շեշտեցին այն իրողութիւնը, որ մշակոյթի կամ գրականութեան հանդէպ տարածուած երեւոյթը անտարբերութիւնը չէ, այլ նիւթական սահմանափակումները գլխաւոր պատճառներն են այսօրուան տիրող տխուր կացութեան:
Հետաքրքրական հարցադրում մը կատարուեցաւ Լիլիթ Քէհէեանի կողմէ. Արցախեան հարցին եւ պահանջատիրութեան անդրադարձը՝ Հայաստանի մէջ զարգացող գրական գործունէութեան վրայ: Մասնակիցները դրական մօտեցումով ընդունեցին, թէ ազգային այս փափուկ հարցը որոշ չափով մտած է մեր գրականութենէն ներս. իբրեւ դրական օրինակ՝ հանդէս եկաւ մեր գաղութէն ներս ծանօթ հայրենի քանդակագործ-նկարիչ եւ բանաստեղծ Արմէն Պօղոսեան, որ մասնակից դարձած էր Արցախեան պայքարին. ան ընթերցում կատարեց իր հրատարակած վերջին «Զօրավար Անդրանիկ» հատորէն, որ առհասարակ կը վերաբերէր արցախեան թեմային:
Ձեռնարկին մասնակիցները դրականօրէն անդրադարձան ներկայիս հայրենի երիտասարդ բանաստեղծներու գործունէութեան: Քէհէեան այս առիթով հրաւիրեց հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող հայրենի երիտասարդ բանաստեղծ Դաւիթ Ասատրեանը, ընթերցելու համար իր չորս բանաստեղծական հատորներէն՝ վերջինէն առնուած կտոր մը: Բանաստեղծին կատարած ընթերցումը յուզեց ներկաները:
Բովանդակալից հարցումներու աւարտին, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն իրենց հարցումները ուղղելու մասնակից մտաւորականներուն: Շինիչ երկխօսութիւնը, որ սակայն կարճ տեւեց, շատ օգտակար երեւոյթ էր:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութեամբ:
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Ասպարէզ