ԱՄՆ Նախագահ. 2015թ. Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Ներդրումներու Ծաւալի Պատմական Մակարդակի Բարձրացումը Միայն Սկիզբն Է Մեծածաւալ Առեւտրային Ու Ներդրումային Կապերու

Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան Յունուար 28-ին իր հաւատարմագիրները յանձնած է  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Նախագահ Օպաման շնորհաւորած է դեսպան Յովհաննիսեանը հաւատարմագրման կապակցութեամբ եւ համոզում յայտնած, որ դեսպան Յովհաննիսեանի փորձառութիւնները օգտակար  պիտի ըլլան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ փուլին մէջ երկու պետութիւններու բարեկամութիւնը ալ աւելի խորացնելու եւ ընդլայնելու առումով:

Դեսպան Յովհաննիսեան փոխանցած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու ջերմ բարեմաղթանքները: Ան նաեւ նշած է, որ Նախագահ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի այս տարի Ուաշիկթընի մէջ իրականացուող Միջուկային անվտանգութեան գագաթնաժողովին, որուն համար Նախագահ Օպաման յայտնած է իր երախտագիտութիւնը` միաժամանակ բարձր գնահատելով Հայաստանի յանձնառութիւնը միջուկային անվտանգութեան այս նախաձեռնութեան:

Իր ուղերձին մէջ նախագահ Օպաման նշած է, որ 2015թ. Հայաստանի մէջ ԱՄՆ ներդրումներու ծաւալի պատմական մակարդակի  բարձրացումը միայն սկիզբն է մեծածաւալ առեւտրային ու ներդրումային կապերու, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին ինչպէս Հայաստանի, տարածաշրջանի համար, այնպէս ալ` ատկէ դուրս:

Scroll Up