Շնորհաւորենք Ու Խոնարհինք
«Ասպարէզ»-ի գլխաւոր խմբագիր ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ կը գրէ.
Շնորհաւոր տօնդ, շնորհաւոր ծնունդդ՝ Հայո՛ց Բանակ: Շնորհաւոր տօնդ՝ Հայոց Բանակի զինուո՛ր:
Խոնարհում ու խնկարկում՝ Հայոց Բանակի նահատակ զինուորներու յիշատակին:
Այս նուիրական օրուան առթիւ, մեր բաժինը չի կրնար բաւարարուիլ շնորհաւորական ու յիշատակի խօսքերով: Չենք կրնար կենացներով բանակ պահել, չենք կրնար ողջոյններով զինուորի կորով բարձրացնել:
Այո՛, մեր զինուորը կրնայ կարիքը չունենալ մեր զօրակցութեան, մեր նեցուկին, մեր բարոյական ու նիւթական աջակցութեան… Հայրենի հողի պաշտպանութեան անոր ուխտը շա՛տ աւելի գիտակից խորքերէ կու գայ, ու կարիքը չունի որեւէ այլ ներշնչման։
Խնդիրը մե՛րն է՝ կողքի կանգնածներուս, յատկապէս Սփիւռքի մէջ ապրողներուս:
Ի՞նչպէս կրնանք Հայոց Բանակին հանդէպ մեր ունեցած սէրը, յարգանքն ու ակնածանքը վերածել նոյն բանակի ուժականութիւնը բարձրացնող ազդակի: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ այդ լուծումը գտնելու աշխատանքին:
Արցախի ազատագրութեան ոգեւորութիւնը կրնա՞յ ըլլալ, որ խամրած է մեր մէջ: Ո՛չ:
Հայաստանի ու Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին մեր զինուորներու հերոսական ամէնօրեայ խիզախումները բաւարար հպարտութիւն չե՞ն ներշնչեր մեզ: Անշո՛ւշտ կը ներշնչեն:
Մեր նահատակ զինուորներու ծնողներուն զոհաբերութիւնը երախտագիտական ու գնահատման զգացումներով չե՞ն լեցներ մեր սիրտերը: Այո՛, կը լեցնեն:
Ամէն օր, տագնապով, սահմանը պաշտպանող զաւակներուն մասին լուր սպասող մայրերուն ու հայրերուն անձկութեան հանդէպ կրնա՞նք անտարբեր ըլլալ: Ո՛չ, չենք կրնար:
Իրենց քրտինքով ու աշխատանքով շահած գումարէն պետական պիւտճէին ճամբով Հայոց Բանակին զէնք, զինամթերք, սնունդ ու վարելանիւթ մատակարարող Հայաստանի ու Արցախի քաղաքացիներու զոհաբերութիւնը կրնա՞նք անտեսել: Ո՛չ, չենք կրնար:
Ուրեմն, մենք ի՞նչ կրնանք ընել: Մեր մասնակցութիւնը այս սրբազան գործին ի՞նչպէս պիտի ծրագրուի, ի՞նչպէս պիտի գործադրուի:
Չենք կրնար բաւարարուիլ Արցախի վիճակահանութեան տոմս գնելով:
Չենք կրնար բաւարարուիլ Հայաստան Հիմնադրամին տարեկան տուրք վճարելով:
Չենք կրնար բաւարարուիլ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կամաւոր աշխատանքով կամ բարեգործական ծրագիրի մը աջակցելով:
Ուղղակի՛ բանակին՝ ես եւ դուն ի՞նչպէս պիտի զօրակցինք: