Արեւմտահայերէնին նուիրուած համաժողով՝ Օքսֆորտի մէջ

Օքսֆորտի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»հիմնարկին օժանդակութեամբ՝ Յունուար 21-23ին տեղի ունեցած է «Արեւմտահայերէնը՝ 21րդ Դարուն» եռօրեայ համաժողովը: Համաժողովին մասնակցած են արեւմտահայերէնիպահպանման եւ լեզուին
ապագայի խնդիրներով մտահոգ գրողներ, գրական, կրթական,հասարակական գործիչներ, նշանաւոր համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու դասախօսներ, հրատարակիչներ եւ արեւմտահայերէն մամուլի ներկայացուցիչներ: 2010ի Փետրուարին ժամանակակից հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկը՝ արեւմտահայերէնըընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ՝ ստանալով«հաստատապէս վտանգուած» կարգավիճակը: Համաժողովի կազմակերպիչները, մտահոգութիւն յայտնելով այդ որոշումին առթիւ՝ քննարկած են արեւմտահայերէնը աւելի լայնծրագիրներով պահպանելու, ժամանակակից կապի միջոցներ օգտագործելու եւ Սփիւռքի նոր սերունդին մէջ արեւմտահայախօսութիւն տարածելու նոր հնարաւորութիւնները:
Համաժողովի համակազմակերպիչ, Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս Հրաչ Չիլինկիրեան նշած է, թէ այս առաջին անգամն է, որ Եւրոպայի նշանաւոր ու հնագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ կը կազմակերպուի արեւմտահայերէնին նուիրուած համաժողով մը,որուն բոլոր զեկոյցներն ու քննարկումները կ՛ընթանան արեւմտահայերէնով: Ըստ կազմակերպիչներուն՝ արեւմտահայերէնի պահպանման նուիրուած համաժողովները պիտիշարունակուին:
Այս մասին կը գրէ Ազատ օր: