Ատրպէյճանական Կողմը Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակած է շուրջ 350 Կրակոց

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին Յունուար 26-ին եւ լոյս 27-ին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 350 կրակոց:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` սահմանագծի հիւսիսային ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ) եւ Ռպգ-7 տիպի նռնականետ (1 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան առաջնային գիծի վրայ եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

Scroll Up