Այսօր Քարին Տակի Հերոսամարտի Օրն է

24 տարի առաջ այս օրը Շուշիի շրջանի Քարին Տակի մէջ կայացած է ռազմական առումով անհաւանական գործողութիւն:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ 1992 թուականի Յունուար 26-ը ամրագրուած է, իբրեւ Քարին Տակի հերոսամարտի օր, իսկ Ատրպէյճանը, մեկնելով նոյն օրը ունեցած հարիւրաւոր զոհերու քանակէն եւ խայտառակ պարտութենէն, 1992 թուականի Յունուարը անուանած է «արիւնոտ Յունուար», իսկ Քարին Տակը` «արիւնոտ ձոր»:
Քարին Տակը Շուշիին ամենամօտ գիւղն է: Շուշիի կիրճին մէջ` Կարկառ գետի ձախ ափին ծուարած է արծուաբոյն Քարին Տակը: Առաջին հայեացքէն աննշան ու փոքրիկ այս հայկական գիւղը 90-ական թուականներուն իսկական պատուհաս դարձած էր ազերիներու համար:
Ազերիները դիամած էին բազմաթիւ սադրանքներու՝ իր սար ու քարին կառչած քարինտակցին տեղահանելու համար: 1992 թուականի Յունուար 26-ին ազերիները, գիւղը չորս կողմէն շրջապատելով, կ՝ուզէին բնաջնջել իրենց ամենաշատ անհանգստացնող քարինտակցիները: Քարինտակցիները մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնած են: Մեծ ու փոքր, մահը աչքի առաջ, անհաւասար մարտի ելած են ատրպէյճանական վոհմակին դէմ եւ ութժամեայ կատաղի դիմադրութենէն յաղթող դուրս եկած: Շուշիէն գլորուող քարէ հեղեղն ու վառուող անուադողերը ոչ թէ վախցուցած եւ խուճապի մատնած են քարինտակցիները, այլ ինքնապաշտպանական ջոկատ եւ պաշտպանական դիրքեր ստեղծելու մտայղացման պատճառ դառձած:
Իբրեւ արդիւնք` 1989 թուականին ստեղծուած է Քարին տակի ինքնապաշտպանական ջոկատը: Գիւղը մինչ 1992 թուականի յունուարեան յայտնի դէպքերը պարբերաբար ստուգումներու ենթարկուած է խորհրդային բանակի զինուորներու, յետագային նաեւ օմոնականներու կողմէն` նպատակ ունենալով զինաթափել գիւղը, մինչդեռ գիւղացիները վարպետօրէն կրցած են թաքցնել տարբեր միջոցներով ձեռք բերուած որսորդական, ինքնաշէն հրացանները, նռնակներն ու ինքնաձիգները: Գիւղի բնակիչները շատ լաւ կը յիշեն յունուարեան այս օրը. 1992-ի Յունուար 25-ի գիշերն ու լոյս 26-ը Քարին Տակ գիւղին մէջ իրադրութիւնը անհանգիստ էր: Շուշիի սարահարթէն հակառակորդը անցած էր նախադէպը չունեցող յարձակման:
1992-ի Յունուար 26-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Մեհթիեւի անմիջական ղեկավարութեամբ կը մշակուի մարտական գործողութիւններու ծրագիր, համաձայն որուն` հաշուած ժամերու ընթացքին կը ծրագրուի հայաթափել գիւղը: Հակառակորդը, մինչեւ ատամները զինուած երկու կանոնաւոր գումարտակով` մօտ 600 զինուոր, կը սկսի ռմբակոծել Քարին Տակը:
Հակառակորդը, գիւղի մատոյցներուն մէջ կը ձգէ աւելի քան 150 զոհ եւ մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք եւ կը դիմէ փախուստի: Հայկական կողմը նոյնպէս զոհեր եւ վիրաւորներ ունեցած է այդ օրը: Զոհեր եղած են նաեւ խաղաղ բնակիչներէ, որոնք մինչեւ վերջ գտնուելով գիւղին մէջ’ օգնած են հայ տղոց: Արցախեան ազատամարտի տարբեր ռազմագործողութիւներու մէջ իրենց կեանքը զոհած են աւելի քան 45 քարինտակցիներ:
Արցախեան տարեգրութեան մէջ Յունուար 26-ը կոչուած է Քարին Տակի հերոսամարտ: Քարին Տակի հերոսամարտին զոհուած է գիւղի ինքնապաշտպանութեան ջոկատի հրամանատար, Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր Վ. Առուշանեանը: