Ատրպէյճանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանատունը Դադրեցուցած Է Աշխատանքը

Ատրպէյճանի Մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը:

Այս մասին, կը նշուի դեսպանատան Facebook-ի էջին վրայ:

Կը նշուի, որ դեսպանատունը աշխատանքը դադրեցուցած է ցուրտ եղանակային պայմաններու պատճառով. վիզայի հանդիպումները չեղեալ  յայտարարուած են:

«Հաշուի առնելով եղանակային պայմանները` ԱՄՆ դեսպանատան բացումը յետաձգուած է: Այսօր ծրագրուած բոլոր վիզայի հանդիպումները չեղարկուած են եւ կը նշանակուին այլ ժամանակ», -կ’ըսուի դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:

 

Scroll Up