Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական յանձնախումբի անդամ

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կազմուած է սահմանադրական համաձայնութեան յանձնախումբ մը, որուն մէջ իրենց երեք անդամներն ունին Խորհրդարանական կուսակցութիւնները։Քրտամէտ HDP կուսակցութիւնը այսօր ներկայացուց յանձնախումբի երեք անդամները, որոնցմէ մէկն է պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլան։
Այս մասին կը յայտնէ Հորիզոն: