ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Ազգային Ժողովի Անդամ Արմէն Ռուստամեան Առաջնորդարան Այցելեց

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 20ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ազգային ժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանի, որ, ինչպէս ծանօթ է, Լոս Անճելըս կը գտնուէր՝ ՀՅԴ 125ամեակի տօնակատարութեան առիթով, իբրեւ գլխաւոր բանախօս:
Ռուստամեանի կ՛ընկերանար ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Սրբազանին կողքին ներկայ էին Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Տաճատ վրդ. Աշըգեան, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան եւ Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայկական աշխարհը յուզող այժմու հարցերու մասին՝ Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Սուրիոյ հայկական գաղութն ու Արեւմտեան թեմին դիմաց կանգնած մարտահրաւէրները: Առաջնորդը այս առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց ՀՅԴ ներկայացուցիչները՝ կուսակցութեան 125ամեակին առիթով, որոշ լուսաբանութիւններ հաղորդեց առաջնորդարանի աշխատանքի դաշտերուն մասին՝ միաժամանակ վերահաստատելով առաջնորդարանին ու շրջանի հայութեան սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ մայր հայրենիքին ու հայկական օճախներուն:
Հրաժեշտէն առաջ, սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրին:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: