Տիարպեքիրի Մէջ Կրկին Բախումներ են. Հայկական Սբ. Կիրակոս Եկեղեցին Վտանգուած Է

Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիարպեքիր քաղաքի Սուր շրջանին մէջ կրկին զինուած բախումներ կ’ընթանան թուրք ուժայիններու եւ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) միջեւ: Թրքական ընդդիմադիր «Zaman» թերթի կայքի տեղեկացմամբ` ոստիկաններէ, զինուորներէ ու քաղաքացիներէ կազմուած խումբերը աշխոյժ պայքար կը մղեն մասնաւորապէս Հասըրլը թաղամասին մէջ: ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը նշուի, որ թրքական կողմը քիւրտ զինեալներու պատնէշներն ու խրամահատները հրասայլերով կը ռմբակոծեն:

Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն` ՔԲԿ-ի զինեալները պատսպարուած են Dփrt Ayaklı Minare-ի (Տեօրթ Այաքլը Մինարէ) փողոցին մէջ, ուր 2015թ. Նոյեմբերին փողոցային բախումներու ժամանակ սպաննուած էր Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի նախագահ Թահիր Էլչին:

Կը յայտնուի, որ  շուրջ 54 օր շարունակուող պարէտային ժամերուն ընթացքին գրեթէ չդադրող բախումներու հետեւանքով որոշակիօրէն տուժած է նաեւ Սուրի մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Մտավախութիւն  կայ, որ առկայ իրավիճակին պատճառով եկեղեցին դեռ աւելի մեծ վնասներ կրնայ կրել:

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Կիրակոսը Միջին Ասիոյ ամենամեծ հայկական եկեղեցին է: 97 տարի կիսաւէր մնալէ ետք  այս պատմական կառոյցը վերանորոգուած եւ մեծ շուքով վերաբացուած է 2012թ.: Իսկ 2015թ. եկեղեցին արժանացած է Եւրոմիութեան մշակութային ժառանգութեան «Մեծ մրցանակին»:

Scroll Up