«Արցախը Ձեր Գործը Չէ». Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի ՄԷջ Մեծ Բրիտանիոյ Դեսպանատան Դիմաց

Այսօր` Յունուար 25-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուղանողական միութիւնները «Յանուն օրէնքի» հասարակական շարժման հետ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց` ընդդէմ ԵԽԽՎ-ի` «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւուած տարածքներուն մէջ»  եւ «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէն» հակահայ զեկոյցներուն:

yerkir.am-ի փոխանցմամբ` հայրենասիրական պաստառներ պարզած ցուցարարները պահանջագիր փոխանցեցին դեսպանատան աշխատակազմի ներկայացուցիչին, ուր կոչ կ’ընեն Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն` հրաժարիլ իրենց «խաւիարանաւթային» քաղաքականութենէն եւ որոշումներ կայացնել` հիմնուելով մարդկային ազատութիւններու վրայ:

Դաշնակցական երիտասարդները իրենց պահանջագիրով նաեւ կոչ ըրին քուէարկութեան նախօրէին ետ կանգնիլ այդ անպատուաբեր գործընթացէն ու եւրոպական կառոյցներուն վերադարձնել իրենց յարիր հեղինակութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանին  ընդգրկուած են երկու հակահայկական զեկոյցներ` բրիտանացի պատգամաւոր Ռոպերթ Ուոլթերի  «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւուած տարածքներուն մէջ»  եւ պոսնիացի պատգամաւորի` Սարսանգի ջրամբարին առնչուող  «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէն» զեկոյցները:

Հակահայկական բանաձեւերը քուէարկութեան կը դրուին վաղը` Յունուար 26–ին:

Scroll Up