Այվազովսկիի 100 Գեղանկարչական եւ 50 Գծագրական Ստեղծագործութիւններ Այս Տարի Կը Ներկայացուին Մոսկուայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ

Թրետեակովեան պատկերասրահի եւ Ռուսական թանգարանի ղեկավարութիւնը որոշում ընդունած է Յովհաննէս Այվազովսկիի ցուցահանդէսի այցելութեան շրջաններ կիրառել` նպատակ ունենալով այդ կերպ կանխել մարդոց հնարաւոր կուտակումները, կը յայտնէ «Արմէնփրէս»:
Ցուցահանդէսը Յուլիս 28-էն մինչեւ Նոյեմբեր 20 տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, իսկ Նոյեմբերի վերջէն մինչեւ 2017 թուականի Փետրուարը` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած Է Թրետեակովեան պատկերասրահի գլխաւոր տնօրէն Զելֆիրա Տրեկուլովան, կը տեղեկացնԷ ՌԻԱ Նովոստին:
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչի ցուցահանդէսը նուիրուած Է անոր 200-ամեակին, որ պիտի նշուի 2017 թուականին: Այցելուները պիտի տեսնեն Այվազովսկիի 100 գեղանկարչական եւ 50 գծագրական ստեղծագործութիւններ:
«Մենք որոշում ընդունեցինք Այվազովսկիի ցուցահանդէս այցելութեան ժամանակացոյց կիրառել եւ համացանցի վրայ տոմսերը նոյնպէս վաճառել ըստ ժամանակացոյցի, որպէսզի մարդիկ հասկնան, որ եթէ իրենց տոմսը ժամը 10-ի համար Է, ապա անոնք պէտք Է գան ժամը 10-ին, որպէսզի ժամը 12-ին դուրս գան շէնքէն»,-ըսած Է Տրեկուլովան: