Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Յովսէփ Հայրենիի «Վերին Եփրատի Աւազանի Հայերը, 1915-ին Եւ Տերսիմը» Գիրքը

Թուրքիոյ մէջ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Յովսէփ Հայրենիի «Վերին Եփրատի աւազանի հայերը, 1915-ին եւ Տերսիմը» աշխատութիւնը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:
Աղբիւրին համաձայն` սոյն շատ կարեւոր ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը կը կեդրոնանայ երեք հիմնական թեմաներու վրայ:Անոնցմէ առաջինը կ՛անդրադառնայ 20-րդ դարասկիզբին Տերսիմի վիլայէթի սահմաններու հետ համընկնող Վերին Եփրատի աւազանի տարածքին բնակող մեծաթիւ հայութեան դէմ Ապտուլ Համիտի իրականացուցած կոտորածներուն, ինչպէս նաեւ` 1915-ին երիտթուրքերու իրագործած Հայոց ցեղասպանութեան թեմաներուն:
Երկրորդ թեման կը վերաբերի այն փաստին, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները չէին կանխատեսած Ցեղասպանութիւնը, եւ կը քննուի անոր հետեւանքով որեւէ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւն չցուցաբերելու հանգամանքները:
Երրորդ թեման կ՛անդրադառնայ Տերսիմի աշխարհագրութեան եւ Ցեղասպանութենէն ետք հոն մնացած փոքրաթիւ հայերու փրկուելու հարցով Տերսիմի բնակչութեան ունեցած դերին:
Գիրքին մէջ օգտագործուած աղբիւրներուն մեծ մասը կը կազմեն անձամբ հեղինակին կողմէ հաւաքուած` ականատեսներու հայերէն յուշերը, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ կը հրատարակուի թրքերէն լեզուով:
Բացի այդ, հեղինակը այս աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ, թէ սոյն տարածքի բնակավայրերուն մէջ` գիւղ առ գիւղ, ինչպէս եւ որուն կողմէ իրականացուած են կոտորածներն ու Ցեղասպանութիւնը, եւ այստեղի որ աշիրեթները պաշտպանած են հայերը:
Յովսէփ Հայրենին նշելով, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ եւ քիւրտ ժողովուրդները կորսնցուցած են միասին փրկուելու հնարաւորութիւնը, 1938-ին Տերսիմի կոտորածը կը համարուի 1915-ի Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը: