Qatar Airways-ը Մայիսէն Կանոնաւոր Չուերթներ Պիտի Սկսի Դէպի Հայաստան

Qatar Airways օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ կանոնաւոր չուերթներ պիտի սկսի դէպի Երեւան 2016-ի Մայիս 15-էն: Ինչպէս կ՛ըսուի ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ, թռիչքները պիտի իրականացուին շաբաթական 4 անգամ:

Ըստ panarmenian.net-ի՝ թռիչքները պիտի իրականացուին Airbus A320-ով, որ ունի խնայողական դասի 132 տեղ եւ պիզնես դասի 12 տեղ:

Այն մասին, որ ընկերութիւնը մտադիր է չուերթներ իրականացնելու դէպի Հայաստան, յայտնի դարձաւ 2015-ի Նոյեմբերին, սակայն գործարկման յստակ ժամկէտը չէր նշուած:

«Քաթարի օդուղիները»-ը երեք տարի անընդմէջ ճանչցուած է Տարուայ լաւագոյն օդանաւային ընկերութիւն: «Քաթարի օդուղիներ»-ը Միջին Արեւելքի ամենամեծ օդանաւային ընկերութիւններէն մէկն է, ունի մեծ ցանց եւ թռիչքներ կ՛իրականացնէ աւելի քան 140 ուղղութիւններով: «Քաթարի օդուղիներ»-ու շարժակազմը համալրուած է աւելի քան 340 ժամանակակից օդանաւերով, որոնց մէջ Airbus A350, Airbus A380-800, Boeing 777-200, Boeing 777-300, Boeing 787-8 (Dreamliner) եւ այլն: Տոհայի օդակայանը յարմարաւէտ տարանցիկ կէտ կրնայ ըլլալ Հայաստանէն ԱՄՆ, Միջին եւ Հեռաւոր Արեւելք մեկնողներուն համար:

Scroll Up