Զաւէն Անդրիասեան Դարձաւ Ճատրակի Հայաստանի Ախոյեան

Զաւէն Անդրիասեան հռչակուեցաւ ճատրակի Հայաստանի 2016-ի ախոյեան: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Երեւանի մէջ աւարտած ճատրակի Հայաստանի Բարձրագոյն խումբի 76-րդ առաջնութեան վերջին` 11-րդ մրցոյթին Անդրիասեանը սեւերով ոչ ոքի խաղաց յետնապահ Նորայր Թորոսեանի հետ եւ 8 միաւորով գրաւեց առաջին տեղը:

Երկրորդ տեղը գրաւեց Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, որ վերջին խաղին ոչ ոքի խաղաց Յովիկ Հայրապետեանի հետ` վաստակելով 7.5 միաւոր: 3-4-րդ տեղերը բաժնած Արման Փաշիկեանն ու Սամուէլ Տէր-Սահակեանը հաւաքեցին 6.5-ական միաւոր:

Հայաստանի ախոյեանի տիտղոսը չպաշտպանեց Կարէն Գրիգորեանը, որ 4 միաւորով գրաւեց 10-րդ տեղը:

Յիշեցնենք, որ կանանց Հայաստանի ախոյեան դարձած էր Մարիա Գէորգեանը, որ 9 հնարաւորէն վաստակած էր 8.5 միաւոր:

Հայաստանի առաջնութիւն, 11-րդ խաղ

Նորայր Թորոսեան – Զաւէն Անդրիասեան` 0.5:0.5

Ռոպերթ Յովհաննիսեան – Յովիկ Հայրապետեան` 0.5:0.5

Արման Միքայէլեան – Կարէն Գրիգորեան` 1:0

Արման Փաշիկեան – Լեւոն Բաբուջեան` 0.5:0.5

Տիգրան Լ. Պետրոսեան – Սամուէլ Տէր-Սահակեան` 0.5:0.5

Մանուէլ Պետրոսեան – Յովհաննէս Գաբուզեան` 0:1

Մրցաշարային աղիւսակ

Զաւէն Անդրիասեան – 8 միաւոր

Ռոպերթ Յովհաննիսեան – 7.5

Արման Փաշիկեան – 6.5

Սամուէլ Տէր-Սահակեան – 6.5

Յովհաննէս Գաբուզեան – 6

Մանուէլ Պետրոսեան – 5.5

Տիգրան Լ. Պետրոսեան – 5

Լեւոն Բաբուջեան – 5

Արման Միքայէլեան – 4.5

Կարէն Գրիգորեան – 4

 Յովիկ Հայրապետեան – 4

Նորայր Թորոսեան – 3.5

Scroll Up