Թուրքիոյ ՄԷջ Ձերբակալած Են Քիւրտ Կին Քաղաքապետը

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է  քրտաբնակ Շրնաք նահանգի Ճիզրէի կին քաղաքապետ Լէյլա Իմրեթը:

Քրտական DIHA գործակալութեան փոխանցմամբ` Թուրքիոյ ՆԳ նախարարութիւնը օրեր առաջ դադրեցուցած էր Ճիզրէի քաղաքապետ Լէյլա Իմրեթի լիազօրութիւնը, որմէ շատ չանցած` Յունուար 21-ին կին քաղաքապետը ձերբակալուած ու տարուած է ոստիկանութիւն:

Ըստ NEWS.am-ի` ձերբակալման պատճառներուն մասին դեռ ոչինչ յայտնի է:

Նշենք, որ քրտաբնակ Ճիզրէի մէջ թրքական իշխանութիւնները փողոց դուրս գալու արգելք  սահմանած են, որուն ընթացքին կը կրակեն իւրաքանչիւր շարժուող կէտի վրայ: Մօտ 40 օր տեւող փողոց դուրս գալու արգելքին ժամանակ ոստիկաններն ու զինուորականները սպաննած են տասնեակ անմեղ քաղաքացիներ:

Scroll Up